2015-07-23 10:12:00

Padre Pio-ի մասունքները Վատիկանի մէջ կը ցուցադրուին։


(Ռատիօ Վատիկան) 2016-ի` 8-14 Փետրուար, Ողորմութեան ս. Տարւոյն առթիւ, Հաւատացեալներուն կարելիութիւն պիտի տրուի մեծարելու Իտալացի Padre Pio սուրբին մասունքները։ 

1968-ին վախճանած սպիացած սուրբին մարմինը նոյնպէս պիտի ցուցադրուի Վատիկան Մոխրոց օուան առթիւ` 10 Փետրուար 2016-ին։ Այդ օրը համայն աշխարհի հաւատացեալները պիտի հրաւիրուին ըլլալու առաքեալները Աստուածային Ողորմութեան։

Padre Pio-ն, Իտալացի ֆրանչիսկեան քահանայ մըն է, ծնած 1887-ին հարաւ Իտալիոյ Pietralcina գիւղաքաղաքին մէջ եւ վախճանած 1968-ին Սան Ճովաննի Ռոթոնտօ կոչուած վայրը։ Ան ճանչցուած է որպէս առաջին քահանան եւ այն հազուագիւտ մարդոցմէ որ իր մարմնի վրայ կրեց խաչեցեալին հինգ վէրքերը (սպիները)։  Padre Pio-ն, սուրբ հռչակուեցաւ 16 Յունիս 2002, Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի կողմէ` սուրբ Փիօ տէ Փիեդրելչինա անունով։








All the contents on this site are copyrighted ©.