2015-07-22 10:05:00

Ֆրանչիսկոս Պապին միջազգային առաջին ճամբորդութեան տարեդարձը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 22 յուլիս 2015-ին կը նշուի Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետութեան առաջին միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը, որ զինք առաջնորդեց` Պրազիլի Ռիօ Տէ Ժանէյրօ, Երիտասարդութեան համաշխարհային 28-րդ օրուան առթիւ, որուն բնաբանն էր ''Գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը ­(Մատթ 28,19)''։ 

Արդարեւ 2013-ի`  22 յուլիսի յետմիջօրէի ժամը 16-ին (Պրազիլի ժամով) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ժամանեց Պրազիլ` արժանանալով Պրազիլի ժողովուրդը արտակարգ ու խանդավառ ընդունելութեան, որուն Նորին Սրբութիւնը համապատասխանեց միեւնոյն ջերմութեամբ։ Նախ քան Կուանապարայի Պալատին մէջ բարի գալուստի արարողութեան մասնակցիլը Ան ուզեց շրջապտոյտ մը ընել Ռիոյի կեդրոնական պողոտաներու վրայ­, մօտէն բարեւելու ճամբաներու եզերքներուն զինք սպասող ու դիմաւորող բազմահազար ժողովուրդը։

Սրբազան Քահանայապետի այցելութեան հիմնական պատճառն էր երիտասարդութեան համաշխարհային օրը, ուր համայն աշխարհէն երիտասարդներ ''Փրկիչ Քրիստոսի բաց բազուկներէն հրապուրուած` եկած էին ապաստան գտնելու Անոր ձեռքերուն մէջ եւ ունկնդրելու Անոր յստակ ու զօրեղ կոչը ''գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը։''

Երիտասարդներ որ եկած էին տարբեր ցամաքամասերէ, կը խօսէին տարբեր լեզուներ, եւ կը պատկանէին այլազան մշակոյթներու, Քրիստոսի մէջ կը գտնէին իրենց ձգտումներու համապատասխանը։

Քրիստոս կը վստահի երիտասարդներուն ու անոնց կը վստահի նաեւ իր առաքելութիւնը ''գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը։'' Գացէք սահմաններէն անդին եւ եղբայրութեան աշխարհ մը կերտեցէք։

Քոփաքապանայի  տարածքին վրայ տեղի ունեցած ` ճանապարհ խաչի-ի արարողութեան մասնակցող մէկ ու կէս միլիոն երիտասարդներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ըսած էր.

''Հոս համախմբուած ենք Յիսուսին ուղեկցելու չարչարանքի եւ սիրոյ ճանապարհի վրայ` Խաչի ճանապարհը որ երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ կարեւոր եւ զօրեղ պահերէն մին է։

Ապաշխարութեան Սուրբ Տարւոյն աւարտին երջանկայիշատակ ՅՊԲ քահանայապետը ձեզի յանձնելով խաչը ըսած էր ''զայն տարէք որպէս մարդկութեան հանդէպ Յիսուսի սիրոյ նշանը եւ ամենուրէք հռչակեցէք թէ միայն մեռած եւ Յարուցեալ Քրիստոսի մէջ կը գտնուի փրկութիւնն ու քաւութիւնը։

Այդ օրէն սկսեալ (1984) Խաչը, շրջեցաւ ամէն ցամաքամասերու մէջ եւ անցաւ մարդկային էութեան զանազան հանգրուաններէն։ Ոչ մէկը կարող է Յիսուսի Խաչին դպչիլ առանց ազդուելու անկէ եւ առանց որ իր կեանքէն ներս Յիսուսի Խաչէն մասնիկ մը ունենալու։

Ապա միեւնոյն տարածքին վրայ մատուցած եզրափակիչ սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս  Պապը վերյիշելով ՃՄՃ-ին կարգախօսը ''գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը ու մեկնելով այս նախադասութենէն ըսած էր` ''Յիսուս, այսօր եւս, ձեզմէ ամէն մէկուն կ՛ուղղէ նոյն պատուէրը։ Շատ հաճելի եղաւ երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ մասնակցիլ ու տարբեր վայրերէ ուրիշ երիտասարդներու հետ միասին ապրիլ հաւատքը, սակայն այժմ դուք պիտի մեկնիք փոխանցելու համար այս փորձառութիւնը ուրիշներուն''։

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ իր քարոզը կեդրոնացուցած էր երեք բառերու վրայ ''Գացէք, առանց վախի, ծառայելու''։

Այս օրերուն առիթը ունեցաք Յիսուսի հետ հանդիպման փորձառութիւնը ապրելու եւ զգացիք հաւատքի ուրախութիւնը։ Սակայն այս փորձառութիւնը սահմանափակ մնալու չէ, մանաւանդ որովհետեւ Յիսուս չ՛ըսաւ ''եթէ ուզէք կամ եթէ ժամանակ ունիք'' այլ ըսաւ ''Գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը։'' Հաւատքի փորձառութիւնը բաժնեկցելը, հաւատքը վկայելը եւ Աւետարանը հռչակելը հրահանգն է`ուղղուած համայն Եկեղեցւոյ ու ձեզի։

Մի վախնաք - ըսած էր արդ Սրբազան Հայրը - երբ երթանք Քրիստոսը աւետելու, ինքն է որ մեր քայլերը կ՛ուղղէ ու մեզի կ՛ընկերակցի։ Ան իր աշակերտներուն ըսած էր ''Ես ձեր հետն եմ ամէն օր''։ Յիսուս մեզ միայնակ չի թողուր։ Ձեզի կ՛ընկերանայ։ Ան չ՛ըսաւ գնայ, այլ գացէ՛ք, որով Համայն Եկեղեցին կանչուած է այս առաքելութեան։

Քարոզը եզրափակելով Սրբազան Քահանայապետը ըսած էր ''թոյլ տալ որ ձեր կեանքը նմանի Յիսուսի կեանքին կը նշանակէ ապրիլ անոր զգացումները, ունենալ անոր մտածումները եւ գործել Անոր նման։ Եւ Յիսուսի կեանքը ուրիշներու նուիրուած կեանք մըն է։ Ծառայութեան կեանք մը։ Յիսուսը հռչակելու համար Սուրբ Պօղոս դարձաւ ''բոլորին ծառայ''։

Աւետարանել կը նշանակէ անձնապէս վկայել Աստուծոյ սէրը, գերազանցել անձնասիրութեան զգացումները եւ ծառայել ծունկի գալով ու լուալով մեր եղբայրներուն ոտքերը այնպէս ինչպէս ըրած էր մեր Տէրը Յիսուս։

Երեք բառեր կրկնած էր Սրբազան Քահանայապետը ''Գացէք, առանց վախի, ծառայելու''։

Քրիստոս ձեզի կը վստահի։ Եկեղեցին ձեզի կը վստահի։ Քահանայապետը ձեզի կը վստահի։ Թող Մարիամ` Յիսուսի ու մեր Մայրը ընկերանայ ձեզի իր գորովով ''Գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը։ Ամէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.