2015-07-22 11:28:00

''Ուշադիր եղէք կենսոլորտի հարցերուն'' պատգամեց Ֆրանչիսկոս Պապը


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի` 21 յուլիս 2015-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ, Վատիկանի սիւնհոդոսական դահլիճին մէջ, հանդիպեցաւ աշխարհի զանազան վայրերէն մեծ Քաղաքներու 70 քաղաքապետերուն որոնք Վատիկան ժամանած են Քահանայատեպական գիտութեանց կաճարներու հրաւէրով, միասնաբար քննարկելու արդի ստրկութեան եւ կլիմայի փոփոխութեան հայող հարցերը։ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ կայացած հանդիպումի աւարտին ներկաները ստորագրեցին միասնական յայտարարութիւն մը հայող վերոյիշեալ խնդիրներուն։ 

''Մեծ յոյս ունիմ Փարիզի մէջ կայանալիք վեհաժողովին վրայ, ու անոր ընթացքին գոյանալիք հիմնական համաձայնութեան'' – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը քաղաքապետերուն սպաներէն լեզուով արտասանած անպատրաստից իր խօսին մէջ, մատնանշելով բնապահպանութեան հարցի մասին Փարիզի մէջ, դեկտեմբերին գումարուելիք ՄԱԿ-ի վեհաժողովին։

Սրբազան Հայրը հրաւիրեց ՄԱԿ-ը աւելի մեծ ջանքերով դիմագրաւելու արդի ստրկութեան երեւոյթը որ յառաջ կու գայ նաեւ կլիմայի փոփոխութիւններէն։  Հարկ է –ըսաւ Ան – իրազեկ դառնալ մոլորակի կործանումի հարցին, որուն պատճառը մեր բնապահպանողական խիղճի պակասն է'',  ու քաջալերեց Քաղաքապետերը դառնալու ''իրազեկութեան'' շարժիչ ուժը, մատնանշելով թէ չի բաւեր գեղեցիկ ճառեր ու խօսքեր արտասանել եւ թէ հարկ է գործի լուծուիլ սկսեալ ''արուարձաններն''։

Հոգ տանիլ բնութեան չի նշանակեր միայն ''կանաչ'' վերաբերմունք մը ունենալ այլ կը նշանակէ ունենալ ''մարդկային բնապահպանութիւն'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշելով ''Laudato sì – գովեալ ըլլաս'' շրջաբերականին, որուն մէջ Ան կը բացայայտէ թէ կարելի չէ մարդը բաժնել մնացած իրողութիւններէն եւ թէ ''բնութեան'' չարաշահումը ծանր հետեւանքներ ունի մարդ արարածին վրայ։ 

Սրբազան Քահանայապետը ապա դարձեալ շեշտեց թէ բնապահպանութեան մասին շրջաբերականը ''կանաչ'' շրջաբերական մը չէ այլ ''ընկերային շրջաբերական'' մը։ Երբ բնութեան հոգ չի տարուիր, քաղաքները անհամաչափօրէն կը ծաւալին, այնտեղ ապրող աղքատութեան եւ թշուառութեան իրողութիւններով ու գիւղական վայրերէն գաղթականութեան երեւոյթի պատճառաւ – յարեց Սրբազան Հայրը ու դատապարտեց ''Թեքնոքրադիկութեան կռապաշտութիւնը'' որուն հետեւանքն է` աշխատանքի կորուստը։ Ան ապա մտահոգութիւն յայտնեց ի տես այս ծիրէն ներս 25 տարեկանէն վար երիտասարդներու անգործութեան, որ շատ մը երկիրներուն մէջ հասած է 40 ու 50 առ հարիւրի։ Ի՞նչ կը մնայ այս երիտասարդութեան եթէ ոչ հակումները, անձնասպանութիւնը եւ նոր հորիզոններու փնտռտուքը - ըսաւ Սրբազան Պապը։

Ան ապա իր երկարաշունչ խօսքին մէջ դատապարտեց անապատացումի եւ անտառահատումի երեւոյթները որոնք կը հարուածէն աշխարհի ''կանաչ թոքերը'' ապա մատնանշեց աշխատանքի պակասի եւ գաղթականութեան երեւութի միջեւ կայացած կապին ինչպէս նաեւ ասոր հետեւանքով յառաջացած ''մարդավաճառութեան իրողութեան '' ու ''սեւ աշխատանքին'' եւ թէ ինչպէս այս բոլորը կը յառաջացնեն  իրաւազանցութիւն` ըլլայ մեծ ըլլայ փոքրիկ քաղաքներուն մէջ։

Խօսքին աւարտին Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն ու հայցեց Տիրոջմէ գիտակցութեան շնորհքի պարգեւը ի տես մոլորակի կործանումի իրողութեան, ու խնդրեց որ այս գիտակցութիւնը դառնայ մշակոյթ կասեցնելու համար կենսոլորտի կործանումի գործընթացը որու դերակատարները մենք ենք։








All the contents on this site are copyrighted ©.