2015-07-22 14:23:00

Հայ Եկեղեցին եւ Հայ Երիտասարդը դէմ առ դէմ. ''Ճաղատը եթէ ճառը գտնէր...''


Իւրաքանչիւր անձ իր դժուարութիւնները ունի: Առանց մտահոգութիւններու մարդ չկայ աշխարհի վրայ, ինչքան ալ ոմանք «երջանիկ» կամ «անհոգ» համարուին:

Յատկապէս ներկայ ժամանակներուն մտահոգութիւնները այնքան շատ են, եւ այնքան «գունաւոր», որ շատեր չեն գիտեր ո՛ր մէկուն առաջնահերթութիւն տալ եւ ո՛ր մէկը երկրորդական համարել:
Կեանքի պայքարը, հացի ետեւէ վազքը, ուսման հետեւիլն ու ապա ապրուստի համար գործ գտնելը, յատկապէս ներկայ երիտասարդութեան մօտ մղձաւանջային սկսած են դառնալու: Համալսարանական մասնագիտութեան տիրացած՝ երբեմն անգործութեան վախը կը պատէ այսօրուան երիտասարդին միտքն ու հոգին, երբ երիտասարդական խանդով ու եռանդով պատրաստ է ան շուտ եւ շատ դրամ շահելու…
Երիտասարդութիւնը հազիւ աւարտած իր ուսումը, գիտէ արդէն, թէ մինչեւ հանգստեան կոչուիլը պէտք է այնքան գումար ի պահ դրած ըլլայ, որ կարենայ հանգստեան կոչուելէ ետք ո՛չ միայն իր կեանքը ապրիլ, այլ նաեւ նոր ստեղծագործութիւններ կատարել:

Մէկ խօսքով, հանգստեան պարտադիր տարիքը, յատկապէս քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ, նոր առիթ կը դառնայ աշխատանքի, երբ ընտանիքով զբաղելու փոխարէն, մասնագէտը կը լծուի նոր գիւտերու յայտնաբերման տքնաջան աշխատանքի:
Մտահոգութիւններու բազմացման հետ, բնականաբար զանոնք յաղթահարելու կամ անդրանցնելու միջոցներ ալ կը հնարուին մարդոց կողմէ: Իւրաքանչիւր տագնապ, ինչպէս կ՛ըսեն, իր լուծումն ալ որոշ չափով իր հետ կը բերէ: Որովհետեւ տագնապի ու դժուարութեան մէջ մարդ աւելի հնարամիտ եւ ուշիմ կը դառնայ: Սա՝ նկարագիրով ուժեղ եւ կորովի անհատականութիւն ունեցող մարդոց ապրելակերպն է: Անշուշտ կան նաեւ տկար խառնուածքով մարդիկ, որոնց համար տագնապը հաւասար է շփոթութեան:
Տագնապահարը կը նմանի ծովուն բացերը ինկած եւ լողալ չգիտցող մարդուն, որուն ազատելու սիրոյն իր կեանքը վտանգողն ու անոր մօտեցողը, եթէ լաւ լողորդ չէ, կրնայ ի՛նք ալ խեղդուիլ, որովհետեւ խեղդուողը իր ամբողջ ծանրութեամբ կը փորձէ յենիլ իր ազատարարին:
«Լողալ չգիտցող ազատարարներու» շատ կը հանդիպինք առօրեայ մեր կեանքին ընթացքին: Խորհուրդէ աւելի խրա՛տ տուող մարդոցմով լեցուն է մարդկային ընկերութիւնը այսօր:
Օրինակ մը. կը բաւէ որ մէկու մը յայտնէք, թէ հիւանդ կը զգաք: Ան, նոյնիսկ եթէ բժշկագիտական նուազազագոյն ծանօթութեամբ օժտուած անձ է, շուտով առողջապահական խրատներ պիտի տայ ձեզի, ամէնէն պարզ համարուած կանոններէն մինչեւ ամէնէն բարդ սրտային հիւանդութիւններու առաջքը առնելու կերպերը բացատրելով ու մեկնաբանելով… որոշ է, թէ հիւանդի մը դիմաց կանգնած ամէն մարդ «բժիշկ կը դառնայ»:
Յիշեալ օրինակին մէկ այլ տարբերակն է ճաղատ մարդը, որուն փոխաբերական պատկերը եւս կ՛օգտագործուի ուրիշներուն օժանդակութիւն ցուցաբերելու պատրաստակամութիւն յայտնող խեղճերուն համար:
Այսօր ճաղատութիւնը ծածկելու միջոցները միայն գտնուեր են եւ ո՛չ ամբողջական դարմանումը: Ժամանակին կեղծամ կ՝օգտագործուէր. սակայն ան նաեւ՝ մինչեւ այսօր, բազմաթիւ խայտառակութիւններու առիթ հանդիսացած է, երբ ուժեղ քամիի պարագային կամ մանուկներու ձեռքի անհաշիւ շարժումներու պատճառով, յանկարծ բացուած է զայն գործածողին ճաղատ գլուխը:
Վստահաբար, եթէ ապագային բժշկագիտութեան զարգացումին հետեւանքով իսկական ճարը գտնուի ճաղատութիւնը դարմանելու, շատեր կը փութան այդ դեղը ձեռք բերելու, ինչքան ալ սուղ ըլլայ անիկա, որպէսզի փրկուին ճաղատ ըլլալու կացութենէն:
Բարոյագիտութեան մէջ ճաղատութիւնը հոմանիշ է անկարողութեան: Այո՛, երբեմն կը մօտենան մեզի բարոյագիտական հասկացողութեամբ ճաղատներ, որոնք ձեռք մեկնելով իրենց պատրաստակամութիւնը կը յայտնեն օժանդակելու մեզի: Սակայն անոնց տրուելիք պատասխանը պէտք է ըլլայ .

՜՜Եթէ ճարը գտած ես, նախ քո՛ւ գլխուդ վրայ մազ բուսցո՛ւր եւ ապա իմ գլխուս ճաղատութիւնը ծածկելու հնարքի մասին մտածէ…՝՝
Ահա կեանքի թատերաբեմին զաւեշտախաղերէն մէկը: Սովորական իմաստով ճաղատ մարդուն պէտք չէ՛ յիշեցնել իր ճաղատութիւնը, որովհետեւ իր կամքէն անկախաբար կորսնցուցած է իր մազերը: Սակայն, բարոյագիտական իր ճաղատութիւնը միշտ պէտք է յիշեցնել «ճաղատին», որպէսզի գիտակցի իր «ճաղատութեան» եւ մանաւանդ խիտ մազով գլուխներու վրայ յաւելեալ «մազ» բուսցնելու մասին բնա՛ւ չմտածէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.