2015-07-21 12:29:00

Ֆրանչիսկոս Պապ կը հանդիպի մեծ Քաղաքներու քաղաքապետերուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի` 21 յուլիս 2015-ի յետմիջօրէի ժամը 5-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Սիւնհոդոսական դահլիճին մէջ հանդիպում կ՛ունենայ Մեծ Քաղաքներու քաղաքապետերու հետ, որոնք Վատիկանի մէջ կը մասնակցին գիտական աշխատանքի  նիստի ''Արդի Ստրկութիւն եւ Կլիմայական փոփոխութիւն'' նիւթին մասին ու ապա իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն` ''բարօրութիւն, ժողովուրդներ  ու մոլորակներ'' վեհաժողովին։

Վերոնշեալ ձեռնարկները կազմակերպուած են գիտութեանց ու ընկերային գիտութեանց քահանայապետական կաճարներու նախաձեռնութեամբ։

Յայտնենք որ Սրբազան Քահանայապետը, Յուլիս ամսուայ ընթացքին դադրեցուցած է իր հանրային հանդիպումներն ու գործունէութիւնը եւ այս հանդիպումը բացառութիւն մըն է։ Ֆրանչիսկոս Պապի պաշտօնական գործունէութիւնները, ներառեալ չորեքշաբթի օրերու հրապարակային ունկնդրութիւնը, կը վերսկսին օգոստոսին, մինչ կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը կը շարունակուի տեղի ունենալ ամէն կիրակի առանց դադարի։

Նշենք նաեւ թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Կարդինալ Ժոզիփ Պոզանիչը` Զակապրիայաի Արքեպիսկոպոսը,  անուանած է որպէս իր յատուկ Նուիրակը` գլխաւորելու համար յառաջիկայ 15 օգոստոսին կայանալիք` Խրուաթիոյ  ''Սինիի հրաշագործ Տիրամօր'' Սրբավայրի կառուցման 300 ամեակի տօնախմբութիւնները։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.