2015-07-21 08:30:00

Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական արարք. Նախագահ Սարգսեանի ցաւակցականը։


(Ռատիօ Վատիկան) Թուրքիոյ մէջ՝ Սուրիոյ սահմանէն ոչ հեռու գտնուող Սուրուչ աւանին մէջ, 20 Յուլիսին հանրային հաւաքի մը ընթացքին տեղի ունեցած է ահաբեկչական գործողութիւն մը, որուն իբրեւ հետեւանք սպաննուած են 28 անձեր, եւ վիրաւորուած են 100 ուրիշներ:

Ըստ նախնական տեղեկութիւններու` ահաբեկիչը 18-ամեայ աղջիկ մըն է` անդամ է ՏԱՀԷՇ (ISIS) ահաբեկչական կազմակերպութեան:

Ռումբը պայթած է Սուրուչի «Ամարա» մշակութային կեդրոնի բացօթեայ տաղաւարին մօտ, ուր հաւաքուած Ընկերվարական երիտասարդական միութեան շուրջ երեք հարիւր գործիչներ աւանի բնակիչներուն եւ իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէին գումար տրամադրել Սուրիոյ պատերազմէն աւերուած Քոպանի քրտական քաղաքին վերակառուցման համար։

Երիտասարդ ընկերվարականները մտադիր էին երթալ Քոպանի եւ մասնակցիլ քաղաքի վերականգման աշխատանքներուն: Թրքական Սուրուչէն սուրիական Քոպանի շուրջ տասը քիլոմեթր է: Սահմանին թէ՛ այս, թէ՛ այն կողմերու բնակիչներուն մեծ մասը քիւրտեր են:

Վերոնշեալ ահաբեկչական արարքի պատճառած բազմաթիւ զոհերուն  ի տես Նախագահ Սերժ Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր մը յղած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին որուն մէջ կ՛ըսուի

«Ձերդ գերազանցութիւն,

Ցաւով տեղեկացայ 20 յուլիսին Թուրքիոյ Ուրֆա նահանգի Սուրուճ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած եւ քանի մը տասնեակ զոհերու պատճառ դարձած պայթումին մասին:

Խստօրէն կը դատապարտենք ահաբեկչութիւնը իր բոլոր դրսեւորումներով:

Ընդունեցէք, խնդրեմ, ցաւակցութիւններս տեղի ունեցածին առնչութեամբ: Զոհուածներու հարազատներուն կը մաղթեմ տոկունութիւն եւ ոգիի արիութիւն, իսկ վիրաւորներուն` շուտափոյթ ապաքինում»:








All the contents on this site are copyrighted ©.