2015-07-21 09:25:00

Բնապահպանութեան մասին գիտակցութեան վեհաժողով Փարիզի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Փարիզի մէջ տեղի կ՛ունենայ բնապահպանութեան մասին գիտակցութեան վեհաժողով մը մասնակցութեամբ Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարք Բարթողոմէոս Ա-ի ու Կարդինալ Թուրքսոնի` նախագահը արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդին։

Վեհաժողովին կը մասնակցին  նաեւ քաղաքական ու կրօնական 40 անձնաւորութիւններ։ Վեհաժողովը տեղի կ՛ունենայ Փարիզի Համամիութեան խորհուրդի կեդրոնին մէջ, երեքշաբթի 21 Յուլիս 2015,  պատրաստելու համար կլիմայի փոփոխութեան միջազգային հաւաքը, որ տեղի պիտի ունենայ Փարիզի մէջ յառաջիկայ 30 Նոյեմբերէն - 11 Դեկտեմբեր 2015։

Վեհաժողովին բացումը կը կատարեն ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ` տիար Ֆրանսուա Հոլլանտ. Իրլանտայի նախագահ Միքայէլ Հիկկինզ, Մոնաքոյի Իշխան Ալպերթօ ու ՄԱԿի երբեմնի ընդհանուր քարտուղար Քոֆի Աննանը։

Վեհաժողովը  կը փակուի յետմիջօրէին կոչով մը ''խիղճերու` գիտակցելու կլիմայի ներկայ կացութեան մասին''։ Կոչը ուղղուած  է  կազմակերպիչներուն ու վեհաժողովին մասնակցող դեսպաններուն, տեղաշարժի մէջ դնելով երկրագունդի բոլոր բնակիչները որպէսզի իրենց սատարը տան ընդհանուր ջեռուցումի սահմանափակումին։

Կազմակերպիչներու գնահատումով ժամանակը լրացած է, այլեւս բնապահպանական, տնտեսական կամ քաղաքական հարց մը չէ։ Խնդրոյ առարկան մարդկութեան ապագան է ։








All the contents on this site are copyrighted ©.