2015-07-20 09:57:00

Հալէպը ծարաւէն կը մեռնի։ Եկեղեցիներու միջամտութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հալէպ` նահատակ քաղաքը, սպառած աւելի քան չորս տարուայ քաղաքացիական պատերազմէն, այրեր, կիներ ու մանուկներ քաղաքին փողոցները կը շրջագային խմուելիք ջուր գտնելու յոյսով։ Այս է ողբալի տեսարանը որ կը պարզուի ամէն օր Հալէպի մէջ։ Ահաբեկիչները ջուրի ամբարները գրաւած են ու  ճնշում կը բանեցնեն բնակիչներուն վրայ, որոնք արդէն այս օրերուն կը տառապին օդի հեղձուցիչ տաքէն։ Ահաբեկիչները, ինչպէս բոլորին յայտնի է զինուորական ու նիւթական օգնութիւններ կ՛ընդունին դրացի Թուրքիայէն, հետեւաբար Հալէպի զինեալ հարցի լուծումը կարելի է ձեռք բերել միմիայն միջազգային մակարդակի վրայ։

Ժողովրդապետութիւնները կ՛աշխատին յոյս ներշնչել բնակիչներուն խմուելիք ջուր ու սնունդ բաշխելով քաղաքի բոլոր բնակչութեան առանց խտրականութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.