2015-07-20 10:36:00

Կարդինալ Քոխ մասնակցեցաւ Մեծ Եղեռնի Սուրբ նահատակներու յիշատակի արարողութեան։


Նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, մասնակցութեամբ քրիստոնեայ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն, երէկ` կիրակի, 19 յուլիս 2015-ին, Անթիլիասի   Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ, նաեւ տեղի ունեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւն եւ միջեկեղեցական աղօթք: Պատարագը մատուցեց Մակար եպս. Աշքարեան:

Պատարագի ընթացքին ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ Թէոդորոս Բ. պատրիարքը: Ան  խօսքին սկզբնաւորութեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ ներկայ գտնուած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած եկեղեցական արարողութիւններուն եւ ձեռնարկներուն, ինչպէս` միւռոնօրհնէքը եւ Հայոց ցեղասպանութեան որբերու թանգարանի բացումը, եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց վեհափառ հայրապետին իր հրաւէրին համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ այս առիթը ընծայած էր համախմբելու բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիներուն ներկայացուցիչները:

Անդրադառնալով միւռոնօրհնէքի արարողութեան` Թէոդորոս Բ. պատրիարքը կարեւոր նկատեց զայն քրիստոնեայ եկեղեցւոյ համար եւ բացատրեց, որ երբ կ՛օրհնենք միւռոնը, անիկա հրաւէր մըն է օրհնելու մեր սրտերը: Ան նկատել տուաւ, որ  Աստուածաշունչը մեզմէ իւրաքանչիւրին պատգամ մը կը փոխանցէ եւ զայն ընթերցելը կ՛օրհնէ մեր սիրտը` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է դարձի գալ եւ զղջալ գործած մեղքերուն համար, որ կրկին օրհնութիւն է մեր սրտերուն համար: «Մենք մեր արարքներով եւ գործերով կը հաստատենք, որ մենք քրիստոնէութեան կը պատկանինք», շեշտեց Թէոդորոս Բ. պատրիարքը` աւելցնելով, որ մարդ արարածը կրնայ Քրիստոսի վկայ ըլլալ 3 խորհրդանշական միջոցներով, որոնք կը գտնուին մարդու մարմնին մէջ. քրտինք, արցունք եւ արիւն, որոնցմով կ՛ապրի եկեղեցին: ա) Քրտինքը աշխատանքին արդիւնքն է, եւ պէտք է ցմահ վստահելի եւ հաւատարիմ ըլլալ շրջապատին նկատմամբ եւ ասիկա մեծ աշխատանք է, որուն համար մարդ արարածը քրտինք կը թափէ: բ) Արցունքը քրիստոնէական արտայայտութիւն մըն է ներքին աղօթքի կեանքի մասին: գ) Արիւնը կը ներկայացնէ եկեղեցւոյ համար զոհուած բոլոր նահատակները: «Եկեղեցին կը գեղեցկանայ եւ կը զարդարուի իր նահատակներով», հաստատեց պատրիարքը` աւելցնելով, որ Յիսուս զանոնք կը դիմաւորէ մեծ հաճոյքով եւ ուրախութեամբ, որովհետեւ այդ նահատակները իրենց արարքով եւ հաւատքով եկեղեցւոյ ուժն են:

Թէոդորոս Բ. պատրիարքը անդրադառնալով նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին հաստատեց, որ ցեղասպանութեան զոհերը շատ դժուար պայմաններու մէջ էին, սակայն անոնք ամուր մնացին իրենց հաւատքին վրայ` աւելցնելով, որ ասոր իբրեւ արդիւնք 100 տարիէ ի վեր հայ ժողովուրդի ձայնը կը լսուի ամբողջ աշխարհի տարածքին:

Այնուհետեւ Ֆրանչիսկոս պապի ներկայացուցիչ կարտինալ Քըրթ Քոխ կարդաց այս առիթով սրբազան քահանայապետին ուղարկած ուղերձը, որուն մէջ ան նշած էր, որ դար մը անցած է Հայոց ցեղասպանութենէն, որ խլած է անմեղ ժողովուրդին կեանքը: Մինչեւ այսօր չկայ ընտանիք մը, որ ազդուած չըլլայ ցեղասպանութենէն: Ան յայտնած էր, որ հայութեան մօտ կը զգայ եւ կ՛ուզէ հոգեպէս մօտենալ ու անոր աղօթքներուն մասնակից ըլլալ: «Ձեր ժողովուրդը շատ դժուարութիւններու եւ փորձութիւններու ենթարկուեցաւ, սակայն Քրիստոսի խաչին յոյսով ներշնչուած` յաղթահարեց այդ բոլորը», յայտնած էր Ֆրանչիսկոս պապը:

Ան հաստատած էր, որ ամէն եկեղեցի կամ ազգ կրնայ նման դժուարութիւններու դիմաց գտնուիլ, սակայն հայ ազգը յաղթահարելով այդ բոլորը կրցած է պահել իր ինքնութիւնը, ազգը եւ կրօնը: Սրբազան քահանայապետը նաեւ նշած էր, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն էր եւ գործուած էր մարդկութեան, նաեւ Աստուծոյ դէմ  եւ ոչ միայն հայ ժողովուրդին նկատմամբ: Աւարտին Ֆրանչիսկոս պապը գոհունակութիւն յայտնած էր, որ կաթողիկէ եւ առաքելական եկեղեցիներու կապերը կը զօրանան եւ երկու եկեղեցիներու ներկայացուցիչները 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն առիթով համախմբուած են:

Ուղերձի աւարտին կարտինալ Քըրթ Քոխ Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ յուշանուէր մը յանձնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին:

Այնուհետեւ բոլոր եկեղեցականները ուղղուեցան գաւիթ, ուր Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը նոր օրհնուած Սրբալոյս միւռոնով կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւնը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական աղօթք, որուն ընթացքին իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ բարձրացուց իր աղօթքը առ Աստուած:

Աւարտին «Կիլիկիա» մաղթերգով թափօրը ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Նահատակաց յուշարձան եւ Ս. Ստեփանոս մատրան դիմաց իւրաքանչիւր կղերական զետեղեց վարդ մը:

Արարողութիւնը փակուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ` կատարողութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին:








All the contents on this site are copyrighted ©.