2015-07-20 10:15:00

Լիբանան։ «Արամ Պէզիքեան» Թանգարանի հանդիսաւոր բացումը


Շաբաթ, 18 յուլիս 2015-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն» հաստատութեան մէջ արժանավայել կերպով բացումը կատարուեցաւ 100 տարի առաջ գործադրուած ահաւոր Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած որբերուն նուիրուած «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին` բարձր հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, որուն կ՛ընկերակցէին Լիբանան եկած օտար եկեղեցիներու հոգեւոր պետեր ու ներկայացուցիչներ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ թեմակալ առաջնորդներ ու միաբան հայրեր:

Բացման հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, Լիբանանի վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչը` Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժի, Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքները ներկայացնող շարք մը հոգեւոր առաջնորդներ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչ, սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, պետական անձնաւորութիւններ, Ժիպէյլի քաղաքապետ Զիատ Հաուաթ, թանգարանի բարերար Պէզիքեան ընտանիքի անդամներ, ազգայիններ, «Թռչնոց բոյն»-ին մէջ պատսպարուած նախկին որբեր եւ մեծ թիւով հայորդիներ:

Բացման խօսքը արտասանեց «Թռչնոց բոյն»-ի խնամակալութեան ատենապետ Սեդա Խտըշեան, որ հակիրճ կերպով ներկայացուց պատմականը դանիական եկեղեցիներու նախաձեռնած մարդասիրական այս հիմնարկին` անդրադառնալով «Թռչնոց բոյն»-ի հիմնադիր Մարիա Ճէյքըպսընին` «Մամա»-ին որբահաւաքի անձնուէր առաքելութեան ու անոր ձգած վաստակին` հայ որբախնամութեան աշխատանքին մէջ: Այս առիթով ան բացատրութիւն տուաւ թանգարանին հիմնադրութեան գաղափարին, իրագործուած աշխատանքներուն ու նպատակին մասին: Սեդա Խտըշեան հաստատեց, որ նման կառոյց մը կը ծառայէ ո՛չ միայն ազգային յիշողութիւնը վառ պահելուն, այլ նաեւ թանկագին ու պատգամաբեր կտակ է յառաջիկայ սերունդներուն:

 

Թանգարանի բարերար Ալեքքօ Պէզիքեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ իր հայրը` Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ճողոպրած որբ տղան պատսպարուած է «Թռչնոց բոյն»¬ին մէջ, ուստի իրեն համար բարոյական պարտաւորութիւն էր այս բարերարութիւնը: Ան աւելցուց, որ իր այս քայլը կը միտի նախ երախտագիտութիւն յայտնել հաստատութեան բոլոր անձնուէր ծառայողներուն, ապա առյաւէտ յարգել յիշատակը իր հօր եւ Ցեղասպանութեան պատճառով որբացած բոլոր հայորդիներուն, որոնց դերը հսկայական եղաւ հայ ժողովուրդի գոյատեւման մէջ: Պէզիքեան հաստատեց, որ նորակառոյց թանգարանը նաեւ զգուշացում է Թուրքիոյ եւ բոլոր անոնց, որոնք կ՛օժանդակեն ոճրագործութիւններու կրկնութեան ու շարունակութեան, թէ իրենց ոճիրը պիտի չթաղուի, այլ միշտ պիտի ըլլան յիշողներ, յիշեցնողներ ու պահանջողներ, այնքան ատեն որ մարդկային արդարութիւն չէ հաստատուած: Ալեքքօ Պէզիքեան դիտել տուաւ, որ նման կառոյց մը գոռացող պահանջատիրութիւն եւ կոչ է բոլոր երկիրներուն` մարդկային իրաւունքներու հաստատման նեցուկ կանգնելու ո՛չ միայն խօսքով, այլ նաեւ գործով:

Ժիպէյլի քաղաքապետ Զիատ Հաուաթ իր խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առաւ 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն» հաստատութեան երդիքին տակ ապաստան գտած հայ որբերուն մարմնաւորած իմաստն ու արժէքը` հաստատելով, որ անոնց կեանքն ու գոյատեւման պայքարը ինքնին մարդկային խիղճը ցնցող եւ ահաւոր ցաւը ամփոփող պատգամներ են: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նման թանգարանի մը կառուցման նախաձեռնութեան համար` դիտել տալով, որ հայ ազգը իր նահատակներէն առաւ ուժ, հաւատք, վճռակամութիւն եւ արդարութեան համար պայքարի զօրութիւն, նաեւ չմոռցաւ «Թռչնոց բոյն»¬ի երդիքին տակ հասակ նետած որբերն ու անոնց գոյապայքարը, որոնց իբրեւ յարգանք այսօր կու գայ Ժիպէյլի մէջ իր արժանի տեղը գրաւելու անոնց նուիրուած թանգարանը, որ յատուկ նշանակութիւն պիտի ունենայ Ժիպէյլի զբօսաշրջութեան ծրագիրներուն մէջ:

Զիատ Հաուաթ ապա խօսեցաւ ընդհանրապէս հայութեան մասին, որ իբրեւ կարգախօս ընտրած է խաղաղութիւնն ու համակեցութիւնը` աւելցնելով, որ լիբանանահայութիւնը փաստեց, որ, հակառակ իր կրած անարդարութեան, Լիբանանի մէջ կը հետապնդէ միայն ազնիւ նպատակներ, կը գործէ լուսաշող միտքով եւ շինարարի նկարագիրով, միշտ կը կառուցէ ու կը զարգացնէ: Ժիպէյլի հայութեան վրայ դնելով շեշտը` քաղաքապետը հաստատեց, որ անիկա շրջանին մէջ եղաւ ոսկեայ թել մը, որ յատկանշուեցաւ իր դրական ներկայութեամբ եւ բերած ներդրումով` պատմական Պիպլոս (Ժիպէյլ) քաղաքի զարգացման ու բարգաւաճման գործին մէջ:

Խօսք առաւ նախարար Ռոնի Արայժի, որ «Արամ Պէզիքեան»  թանգարանը նկատեց մարդկային խիղճին վրայ սպի հանդիսացող Հայոց ցեղասպանութեան յիշողութիւնը վառ պահող կառոյցներէն մին, վկայութիւնը ողբերգութեան եւ ոճրագործութեան: Ան նշեց, որ 100 տարի առաջ տեղի ունեցած դժոխային ոճիրը միայն մարդկային կորուստ չպատճառեց, այլ նաեւ բարոյական, մշակութային եւ ազգային, սակայն հայութիւնը միասնականութեան կենդանի օրինակ հանդիսանալով` կրցաւ վերապրիլ, սակայն տակաւին իր դատը կը մնայ անկատար: Այդ պատճառով ալ, շարունակեց Արայժի, այսօր սպանդներն ու ոճիրները կը շարունակուին Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, իսկ միջազգային օրէնքներն ու բանաձեւերը անկարող են կասեցնելու անմարդկայնութիւններն ու անարդարութիւնները: Նախարարը ըսաւ, որ այսօր կարգ մը երկիրներ յանդգնութիւնը ունեցած են գործադրուած ոճիրներուն համար իրենց պատասխանատուութիւնը ընդունելու, սակայն Թուրքիան տակաւին կը շարունակէ ուրանալ իր ահաւոր ոճիրը, թէեւ ոչ մէկ պատճառաբանութիւն ունի` ո՛չ օրէնքներու եւ ո՛չ ալ մարդկային սկզբունքներու առումով: Ան յիշեցուց ներկաները, որ Լիբանան եւս ենթարկուեցաւ օսմանեան դառն լուծին, անոր սպանդներուն, բռնարարքներուն եւ անարդարութիւններուն: Առ այդ, նախարար Արայժի հաստատեց, որ հայ ու լիբանանցի ժողովուրդները ունին հասարակաց գիծեր, սակայն հայութիւնը կը զատորոշուի անով, որ մերժեց անձնատուր ըլլալ, մերժեց մոռնալ, այլ պայքարեցաւ եւ կը շարունակէ պայքարիլ:

Թանգարանի բացման, միւռոնի օրհնութեան եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին գահակալութեան 20-ամեակին առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղղած խօսքը կարդաց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Խօսքը Արամ Ա. կաթողիկոսին ուղղելով` Հանրապետութեան նախագահը կը յայտնէ, որ անոր գահակալութեան 20 տարիներուն Հայաստանի վիճակը բաւական բարդ եւ դժուար էր: «Համաշխարհայնացման այս բարդ դարում Ձեր կերպարով զգօնութիւն եւ ուժ էք հաղորդում հայկական համայնքային կառոյցներին, նպաստում հայ ազգային աւանդոյթների պահպանմանը` կամուրջներ հաստատելով հայութեան տարբեր հատուածների միջեւ` յանուն հաւատաւոր հայ ժողովրդի բարօրութեան, Հայաստան-Արցախ-սփիւռք կուռ եռամիասնութեան ամրապնդման, հայոց պետութիւն-եկեղեցի կապերի զարգացման, մեր ազգային նպատակների իրականացման», կը նշուի ուղերձին մէջ:

Նախագահ Սարգսեան լուսարձակի տակ կ՛առնէ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ունեցած դերակատարութիւնը Հայ դատի հետապնդման եւ պաշտպանութեան իմաստով, որուն վկայութիւններէն է նման թանգարանի մը կառուցումը:

Նախագահ Սարգսեան շնորհակալական խօսք կ՛ուղղէ նաեւ Լիբանանի հիւրընկալ պետութեան, դանիացի Մարիա Ճեքըպսընին, բարերարներ Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններուն, որոնց այս նախաձեռնութիւնը նաեւ ապացոյց է հայու արտասովոր կենսունակութեան եւ ապրելու անխախտ հաւատքին:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը իր խօսքին մէջ գոհունակութիւն յայտնեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն մասնակցելու եւ իր համայնքին խօսքը փոխանցելուն համար: Ան յայտնեց, որ նման թանգարանի մը կառուցումը ապացոյց է հայութեան զարթօնքին, աշխարհին համար փաստ է, որ հայ ժողովուրդը աւելի զօրեղ է ցեղասպանութենէն, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրածներով հայ ազգը կրցաւ ինքզինք կերտել իբրեւ ժողովուրդ, եկեղեցի ու պետութիւն: Խօսելով «Թռչնոց բոյն»-ին մասին` ան նկատել տուաւ, թէ անիկա շատ սիրելի է իրեն համար, որովհետեւ նախքան պատրիարք ընտրուիլը երկար տարիներ առաջնորդն էր Ժիպէյլի մարոնի համայնքին եւ քաջածանօթ է այս հաստատութիւնը եւ անոր տարած մարդասիրական գործունէութիւնը` շեշտելով, թէ մարդասիրական ծրագիրներու հովանաւորութիւնը եկեղեցւոյ առաքելութեան անբաժան մասն է:

Ռայի պատրիարքը անդրադառնալով լիբանանահայութեան` դիտել տուաւ, որ ան յատկանշուեցաւ Լիբանանի նկատմամբ հաւատարմութեամբ, լիբանանահայը եղաւ օրինակելի, շինարար եւ գործօն քաղաքացի, որ միշտ սատար հանդիսացաւ Լիբանանին, մանաւանդ որ լիբանանահայութիւնը ցաւով ու դառնութեամբ գիտցաւ երկիր եւ սեփականութիւն կորսնցնելու իմաստը: Մարոնիներուն պատրիարքը ըսաւ, որ կը դատապարտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ ոճիր մըն է մարդկութեան դէմ, նաեւ կը դատապարտէ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն կատարած ամէն տեսակի ոճրագործութիւնը, որուն ականատես կ՛ըլլանք այսօր Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ եւ այլուր: Մարդկային խիղճը, միջազգային ընտանիքը եւ իսլամական ազգը չեն կրնար ընդունիլ նման սպանդներ եւ ոճրագործութիւններ, յատկապէս երբ անոնք կը գործադրուին կրօնի պատճառով: Նման ոճիրներուն նկատմամբ լուռ մնալը կը նշանակէ մեղսակից դառնալ անոր եւ տարբեր պատճառներով անոր ետին թաքնուիլ: «Եթէ չճանչնանք այն Ցեղասպանութիւնը, որուն ոգեկոչման 100-ամեակին համար համախմբուած ենք այսօր, եւ եթէ չընդունիք այս ահաւոր սխալը, որ գործադրուած է մարդկութեան եւ Աստուծոյ դէմ, կը նշանակէ, որ ապագային եւս պիտի չտատամսիք նման ոճիրներ գործելէ կամ ոճիրներ ծածկելէ, երբ ձեր քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմավարական ծրագիրներուն ծառայեն անոնք», հաստատեց պատրիարքը:

Պշարա Ռայի պատրիարք յոյս յայտնեց, որ այս թանգարանը ըլլայ պատմութեան յիշատակարան, բոլորին ներաշխարհին մէջ կենդանի, ինչպէս նաեւ հրաւէր մը` Աստուածաշունչի մշակոյթը տարածելու:

Ապա խօսք առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, որ գնահատեց «Թռչնոց բոյն»-ի առաքելութեան հաւատացող բոլոր անձնուէր ծառայողները եւ բարերարները: Ողջունելով հոգեւոր պետերու եւ եկեղեցական ներկայացուցիչներու, դեսպաններու եւ պետական ու քաղաքական հիւրերու ներկայութիւնը` Արամ Ա. կաթողիկոս իր գնահատանքը յայտնեց ըսելով, որ անոնք մասնակից կը դառնան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին` գործնապէս իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին: Անոր համաձայն, «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի բացումը պարզապէս սկիզբ մըն է, արխիւներու հաւաքման աշխատանքները պիտի շարունակուին, եւ յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ ստեղծել Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան յատուկ կեդրոն մը: Ան գնահատեց Պէզիքեան ընտանիքը եւ բոլոր ճարտարապետներն ու մասնագէտները, որոնք իրականացուցին այս արդիական եւ պատուաբեր թանգարանին ծրագիրը: Ան ըսաւ, թէ թանգարանը մեր ժողովուրդին համար կոչ մըն է յիշելու մեր նահատակները ու իր հաւատարմութիւնը վերանորոգելու անոնց սրբազան կտակին նկատմամբ, միանգամայն` յիշեցնելու համայն մարդկութեան, թէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը հրամայական է` կանխելու համար այլ ցեղասպանութիւններ, ինչպէս նաեւ արդարութիւն պահանջելու ցեղասպան Թուրքիայէն:

«Թանգարանը նաեւ կենդանի յուշարար մըն է հազարաւոր որբերու, որոնք Լիբանանի մէջ խնամք ու դաստիարակութիւն ստացան` ամերիկեան, զուիցերիական եւ դանիական մարդասիրական կազմակերպութիւններու կողմէ: Թանգարանը խօսուն վկայութիւն մըն է այն նշանակալից դերին, զոր Լիբանան ունեցաւ հայ ժողովուրդի վերածննդեան մէջ: Արդարեւ, Թուրքիոյ մէջ մեր ժողովուրդը ատելութիւն ու ջարդ տեսաւ. սակայն, ընդհանրապէս արաբական աշխարհի եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ ան սէր ու կեանք գտաւ: Ահա, թէ ինչու Լիբանանը դարձաւ սիրտը սփիւռքի հայութեան: «Թռչնոց բոյն»-ի եւ Լիբանանի այլ որբանոցներուն մէջ պատսպարուած մեր որբերը իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերին հայ ժողովուրդի վերածննդեան` Լիբանանէն սկսեալ մինչեւ ի սփիւռս աշխարհի», ըսաւ վեհափառ հայրապետը:

Եզրակացնելով իր խօսքը` Արամ Ա. կաթողիկոսը ըսաւ, թէ «Թռչնոց բոյն»-ին մէջ խնամուած ու դաստիարակուած որբերէն Արամ Պէզիքեանի զաւակը` Ալեքքօ Պէզիքեան, ահաւասիկ այս թանգարանին բարերարութիւնը ստանձնած է, իբրեւ յիշատակ իր հօր եւ երախտագիտութիւն` Լիբանանին նկատմամբ:

Հանդիսութեան աւարտին, բոլոր հիւրերը ուղղուեցան թանգարանին մուտքը, ուր Արամ Ա. կաթողիկոս հատելով ժապաւէնը բացումը կատարեց որբերու պատմութեան վկայարանին: Ապա, ներկայ պատրիարքները եւ հիւրերը վեհափառ հայրապետին ընկերակցութեամբ մօտէն ծանօթացան թանգարանին մէջ ցուցադրուած իրերուն եւ նկարներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.