2015-07-18 11:32:00

ֆրանչիսկոս Պապի Քուպայի այցելութիւնը կը կեդրոնանայ ողորմութեան զօրութեան վրայ


(Ռատիօ Վատիկան)  Յառաջիկայ սեպտեմբերի 2015ին,  կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին ֆրանչիսկոս Քահանայապետ իր խորհրդածութիւնները պիտի կեդրոնացնէ չարին  յաղթանակող՝ ողորմութեան զօրութեան վրայ։

Քահանայապետին՝ Քուպա այցելութեան պատասխանատու Հայր Yosvany Carvajal, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով, Քուպայի  այցելութիւնը որակած է որպէս ողորմութեան ճամբորդութիւն, մինչ՝ Սուրբ  Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի,  1988ին  Քուպաի  շնորհած այցելութիւնը  եղած է  յոյսի այցելութիւն, իսկ՝ 2012ին Պենետիկտոս ԺԶ  վաստակաւոր Քահանայապետն Քուպայի այցելութիւնը հանդիսացած է  սիրոյ այցելութիւն ։

Նշենք,  թէ անցեալ յունիս 2015-ին,  Քուպայի եպիսկոպոսները հաւատացեալներուն ուղղած նամակով մը  խնդրած են անոնցմէ  հիւրընկալել Սրբազան Քահանայապետը որպէս առաքեալ՝ ողորմութեան ու շեշտած  են Սրբազան Հօր  ունեցած դերակատարութեան՝  Քուպայի ու ԱՄՆի միջեւ դիւանագիտական կապերու վերահաստատման շրջագիծէն ներս կարեւորութիւնը ։Նաեւ նշենք. թէ  յառաջիկայ 20 Յուլիսին ԱՄՆ-ի եւ Քուպայի պետութիւնները պիտի բանան իրենց դեսպանատուները Ուաշինկթոնի եւ  Հավանայի մէջ։

Վերջերս Քուպայի նախագահ տիար Ռաուլ Քասդրօ,  հաստատած է , թէ կղզին կը պատրաստուի գորովով,  եւ մեծ յարգանքով ընդունիլ  Քահանայապետին  այցելութիւնը։ Անցեալ 15 Յուլիսին, Նախագահ Ռաուլ Քասդրօ, ազգային ժողովին արտասանած ճառին մէջ յայտնած է թէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ''աշխարհի հիացումը'' կը վայելէ խաղաղութեան, հաւասարութեան,  աղքատութիւնը արմատախիլ ընելու ու բնապահպանութեան ի խնդիր տածած աշխատանքին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.