2015-07-18 14:04:00

Ա. Կիրակի զկնի Վարդավառի ՄՏԹ. 18, 10-14


Այսօրուայ աւետարանին մէջ Յիսուս կը զբաղի յատկապէս մանուկներու վիճակով եւ անոնց անմեղութեան պաշտպան կը կանգնի: «Զգուշացէ՛ք եւ մի՛ արհամարհէք մէկը այս փոքրիկներէն»: Իսկ ուրիշ ատեն ալ ըսած էր. «Ով որ ինծի հաւատացող այս փոքրիկներէն մէկը գայթակղեցնէ, անոր համար աւելի լաւ է եթէ վիզէն իշու երկնաքար մը կապէ եւ ինքզինք գահավիժէ ծովու անդունդը»:

         Երեխաները անփորձ եւ միամիտ ըլլալով, շատ դիւրաւ կը հաւատան մեծերու ըսածին եւ դիւրաւ ալ կը հետեւին անոնց օրինակին, անոր համար ալ դիւրաւ կը գայթակղին: Հետեւաբար, Յիսուս կ՛ուզէ որ ամենամեծ յարգանքը ներկայացուի փոքրերու հանդէպ: 

         Իր միտքը լուսաբանելու համար այս մասին` Յիսուս իր ունկնդիրներուն աչքին առջեւ կը դնէ մոլորած ոչխարհին օրինակին, երբ կ՛ըսէ. ո՞ր մարդը, կամ ո՞ր հովիւը եթէ 100 ոչխարհ ունենայ եւ անոնցմէ մէկը կորսուի, իննիսուն եւ ինը չի՞ թողուր լեռ եւ չ՛երթար կորսուածը փնտռելու»: Այսպէս նաեւ Յիսուս, չ՛ուզեր որ փոքրիկներէն մէկը կորսուի:

         Թէեւ Քրիստոս մարդու մը մասին կը խօսի «Եթէ մարդ մը», բայց իրականութեան մէջ ան ոեւէ մարդու մը մասին չէ խօսքը, այլ իր մասին է: Ինք ձգեց երկինքը եւ գնաց մարդկութիւնը փրկելու: Առակին մէջ յիշուած 100 ոչխարհը կը ներկայացնեն ամբողջ մարդկութիւնը միասնաբար: Ինչո՞ւ հարիւր թիւը. որովհետեւ եբրայական մտածողութեան մէջ, 100 թիւը կատարելութեան եւ ամբողջականութեան թիւն է:

         Ինչո՞ւ ոչխարհի մասին կը խօսի: Յիսուս մեզ ոչխարհ կը կոչէ քանի մը պատճառներու համար:

         ա- Նախ որովհետեւ ոչխարները անվնաս կենդանիներ են: Յիոսւս մարդիկը ոչխարհ կը կոչէ, ըսելու համար որ պէտք է անվնաս կեանք մը ապրինք, ուրիշին վնաս չհասցնենք, ուրիշին գայթակղութեան պատճառ չըլլանք, ուրիշը չվիրաւորենք:

         բ- Ոչխարները օգտակար կենդանիներ են: Կ՛օգտագործենք անոնց բուրդը, անոնց միսը, անոնց կաթը, եւ անոնց մարմնի զանազան անդամները: Յիսուս մեզ ոչխարհ կը կոչէ սորվեցնելու համար թէ մեր ամբողջը կեանքը օգտակար եւ օգտաշատ պէտք է ըլլայ:

         գ- Ոչխարհները նաեւ անօթութեան դիմացող կենդանիներ են. խորհրդանիշ են համբերութեան: Մեր կեանքը համբերատար կեանք ըլլալու է:

         Ինչո՞ւ Քրիստոս մէկ ոչխարհի կորոուստի մասին կը խօսի: Յիսուս մէկ ոչխարհի կորուստի մասին կը խօսի, ըսելու համար որ Աստուծոյ աչքին առջեւ իւրաքանչիւր անձ, իւրաքանչիւր հոգի, մեծ արժէք ունի եւ թէ Քրիստոս ամէն մէկ մարդու փրկութիւնը կը հետապնդէ: Ոչխարհը թէեւ ինք կը կորսուի, կամովին կը հեռանայ, սակայն Քրիստոս ինք կ՛երթայ ինկած եւ վիրաւոր ոչխարհը փնտռելու:

         Ո՞ւր կը ձգէ 99 ոչխարները: Արդեօք տրամաբանական է՞ որ մարդ մը եթէ 1000 էվրօ ունենայ ձգէ 999 եւ երթայ 1 էվրոն փնտռելու: Լեռ կը ձգէ: Լեռը խորհրնանիշ է Աստուծոյ բնակութեան եւ ներկայութեան: Լեռը խորհրդանիշ է հանգստութեան: Մենք պատրա՞ստ ենք ձգելու մեր հանգստութիւնը, մեր թագաւորութիւնը եւ հաւատարմաբար երթալու եւ տքնաջանօրէն աշխատելու կորսուած մարդիկը բեռելու:

         «Եթէ զայն գտնէ կ՛ուրախանայ»: «Եթէ» բառը ի՞նչ կը խորհրդանշէ: Ղուկուս կը գործածէ «մինչեւ գտնէ» բառը, որ կը խորհդանշէ թէ Տէրը չի դադրիր մեղաւորները փնտռելէ, մինչեւ որ զանոնք գտնէ: Երբ գտնէ կ՛ուրախանայ: Ուրախութիւնը ցոյց կու տայ սէրը Քրիստոսի մեղաւոր մարդոց նկատմամբ:

         Արդ, այսօրուայ Աստուծոյ խօսքին մէջ կը տեսնենք Աստուծոյ անհուն սէրը, որ չի գոհանար 99 տոկոսով: Մեր մարդկային յաշիւներուն մէջ մէկ ոչխարին կորուստը մեծ արժէք չունի, սակայն Յիսուս տոկոսով չէ որ կը շարժի, այլ մարդասիրական զգացումներով: Աստուած իւրաքանչիւրս անունով եւ մականունով կը ճանչնայ, եւ երբեք չի հանգստանար եթէ մեզմէ մէկը մոլորի: Օր մը ՄԱԴԻՍ ֆրանսացի մեծ գծագրիչին հարցուցին եթէ կը յիշէ բոլոր գծագրութիւնները, ան պատասխանած է. «Ո՛չ, բոլորը չեմ յիշեր, սակայն ամէն գծագրութիւն զատ զատ կը յիշեմ»: Աստուած եւս մեզմէ իւրաքանչիւրին հանդէպ մեծ սէր ունի, հաւասար սէր ունի, եւ ասոր համար միշտ սիրտը կը տրոբէ, նման վիրաւորեալ ոչխարհի մը, երբ տեսնէ որ իր փարախէն կամ Աստուծոյ տունէն մոլորած անձ մը հեռացած է եւ  սատանայի խաղալիք դարձած:

         Աստուած մեզի ազատութիւն տուած է. կրնանք սայթաքիլ, կրնանք տկարանալ եւ սատանային որոգայթներուն մէջ իյնալ, Վա՛յ մեզի սակայն, եթէ ուրիշներուն սայթաքեցնենք, որովհետեւ աւելի լաւ է մեզի մեր վիզէն երկնաքար մը կապենք եւ ծով նետուինք ու խեղդամահ ըլլանք, քան սատանային ծրագիրները իրականացնենք»:








All the contents on this site are copyrighted ©.