2015-07-17 13:13:00

Քոլոմպիայի մէջ կղերական մը սպաննուած է եկեղեցւոյ աւանդատան մէջ


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 15 յուլիսին, ծերունի կղերական հայր Լուիս Ալֆօնսօ Լէոն Փէրէյրան, Քոլոմպիայի Մոնթէյրա շրջանի ժողովրդապետութեան եկեղեցւոյ աւանդատան մէջ  բարբարոսաբար սպաննուած է մինչ կը պատրաստուէր Սուրբ Պատարագ մատուցանելու։

Ոճրագործութեան եւ անմարդկային արարքին  հեղինակն է անտուն եւ թափառաշրջիկ աւազակ մը մինչ՝ ժողովրդապետութեան    եկեղեցւոյ   մէջ կը փորձէր գողութիւն կատարել։ Ծերունի վարդապետը գողութեան արարքին ականատես ըլլալու պատճառով,  գող աւազակը ապակիէ շիշով մը մահացու յարուած տուած է  վարդապետին դէմքին  զայն մատնելով անշարժութեան։   ։Ոճրագործութենէն ետք գող աւազակը փորձած է փախչիլ սակայն՝ շրջանի բնակիչներու կողմէ ձերբակալուած է եւ յանձնուած տեղական ոստիկանութեան։

Մոնթէրիայի թեմի եպիսկոպոս Գերապայծառ Տամոն Ալպէրթօ, կղերականին անմարդկային սպանութեան առթիւ բոլոր թեմին մէջ   հռչակած է երրօրեայ սուգի օր, որոնց ընթացքին ժողովրդապետութիւններուն մէջ հանգուցեալ վարդապետին դիտաւորութեան աղօթք եւ Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցուին։

Հայր Ալֆոնսօ քահանայ ձեռնադրուելէ ետք  առաքելութեամբ ժամանած է Մոնթէյրա 1968ին, ուր անձնուիրութեամբ ծառայած է թեմի հաւատացեալներուն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.