2015-07-17 09:17:00

Մոկերինի.''Իրան-Վեցեակ համաձայնութիւնը կը նպաստէ Միջին Արեւելքի կայունութեան''


Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտնեց, որ Իրան-Վեցեակ համաձայնութեան նկատմամբ լաւատես է` նշելով, որ այդ համաձայնութիւնը խաղաղութեան կարիք ունեցող Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան կը նպաստէ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Իրաքի կացութիւնները կը փոխէ:

«Համաձայնութիւնը պատմական քայլ է», նշեց ան` աւելցնելով. «Իրանի հետ համաձայնութեան քաղաքական կարեւորութիւնը նոր դիպաշարեր ու դռներ կը բանայ յարաբերութիւններուն առջեւ, որոնք վստահութեան վրայ հիմնուած են, բան մը, որ Իրանի եւ միջազգային ընտանիքին միջեւ տասնամեակներէ ի վեր կը բացակայէր, եւ համաձայնութիւնը ի շահ բոլորին  մեծ արդիւնքներ պիտի ունենայ»:

Ան նշեց, որ համաձայնութեան մէջ աշխատանքը չէ աւարտած, որովհետեւ անհրաժեշտ է զայն գործադրել ու ներկայացնել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին` ջնջելու համար պատժամիջոցները, եւ նոյնիսկ Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է աշխատի զանոնք ջնջելու համար:

Միւս կողմէ, Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով Իրանի եւ Վեցեակին միջեւ կնքուած համաձայնութիւնը նկատեց կարեւոր քայլ մը եւ յոյս յայտնեց, որ այդ համաձայնութիւնը նպաստէ շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան ամրապնդման:








All the contents on this site are copyrighted ©.