2015-07-17 12:38:00

2015 տարին կրօնաւորական կեանքի տարի


Ուրիշ վտանգ մըն է քահանային համար չափազանց գործը: Ասով մէկը չխորհի թէ շատ գործ ունեցողը չի կրնար սուրբ ըլլալ: Ամենազբաղած մարդը կրնայ ամենաբարեպաշտ ըլլալ: Սրբութիւնը չի կայանար անսովոր բաներ ընելուն մէջ, այլ սովորական բաները, արտասովոր եռանդով ընելուն մէջ: Ոչ մէկ կեանք այնքան լի եղաւ զբաղունքներով, որքան մեր Տիրոջ եւ Առաքեալներունը: Անոնք տեւաբար պաշարուած էին ամբոխէն, ինչպէս կ՛ըսէ Ս. Մարկոս. եկող-գացողները շատ էին, անքան որ հաց ուտելու ժամանակ անգամ չունէին:

                Սակայն զբաղած կեանք մը կը պահանջէ խստապահանջ ճշդապահութիւն եւ աղօթքի հաւատարիմ ունակութիւն: Ոչ եղբայրսիրութիւն եւ ոչ գթութիւն է քահանայի մը համար, պատարագի պատրաստտութիւնը կամ գոհութիւնը  համառօտելը, որովհետեւ ժողովուրդը իրեն պէտք ունի: Նախ պէտք է Աստուծոյ ծառայէ, ապա ընկերոջ ծառայէ: Մէկուկէս ժամը որ կը պահանջէ պատարագը, պատրաստութեան ու գոհութեան աղօթքներով, իրեն կը պատկանի եւ չի պատկանիր…: Իր օրուան նախախայրիքն է: Աստուծոյ կը պատկանի: Քահանան անոր գործածութեան իրաւունքն ունի, ոչ սեփականութեան: Կրնայ յափշտակել զայն, բայց ապա ստիպուած է ըսել այգիս պահպանեցի:

                Չափազանց գործ ընեմ ըսելը, շատ անգամ ոչինչ ընելու կ՛առաջնորդէ: Ամէն ինչ աճապարանքով եւ մակերեսային կերպով կ՛ըլլայ: Կորսուած չէ այն ժամանակը որ կը յատկացուի մտածականի եւ աղօթքի: Աղօթքի մարդու բերնէն ելած ամէն խօսք աւելի արդիւնք կու տայ, քան հարիւր խօսք որ կ՛ելլէ զամաք սրտով ու արտաքին գործերով չափազանց զբաղած մարդու մը բերնէն: Մտային տարապայման յոգնութիւնը եւ Ֆիզիքական ծանր գործունէութիւնը առաջ կը բերեն նիւթական հոգի մը, որ ցրուած կ՛ըլլայ եւ աստուածային բաներէն չ՛ախորժիր: Այս նկարագիրը երեւան կ՛ըլլայ խոստովանարանի մէջ եւ քարոզութեան ամպիոնի վրայ: Քանի անգամներ ըսուած է այս խօսքը. Իմ խոստովանահայրս սուրբ մարդ է, բայց բերանը կը բանայ միայն ապաշխարհանքը տալու եւ արձակելու համար: Եւ շատ դիւրաւ կարելի է ճանչնալ թէ ինչ մակերեսային հոգիէ կ՛ելլեն փայլուն, բայց պաղ շունչով քարոզները:

                Քահանային կեանքին մէջ կայ ուրիշ վտանք մը, որ ճիշդ հակառակն է նախորդին. այն է` շատ քիչ գործ ունենանլը: Եթէ քահանային պաշտօնը եւ հովուական գործը միջոցներ են սրբանալու, ընդհատելը կամ չկատարելը այս առաքելութիւնը, ինքզինքը ենթարկել է հոգեկան մեծ վնասի. եւ այս վնասը միայն բացասական է: Շատ մը քահանաներ որոնք կրնային գերազանց դինքերու հասնիլ եւ սակայն մատնուած են անգործութեան կամ անկարողութեան, որովհետեւ պարագաներու բերումով դրուած են միջավայրի մը մէջ, ուր իրենց յատկութիւնները առիթ ունենացած չեն երեւան գալու ու զարգանալու:

                Երկու բաներ գործօն ու արթուն կը պահեն մարդուս կարողութիւնները: Նախ կամքի մեծ ուժ մը, որ պէտք չունի արտաքին քաջալերանքի` գործի լծուելու համար: Եւ երկրորդ, պաշտօնը զոր իրեն վրայ կը դնեն իր պարտականութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը: Քիչ մարդիկ այնքան նկարագիր ունին որ ինքզինքնին պարտադրեն պարտականութիւն մը եւ իրենց ուժերը գործի դնեն, առանց ստիպուած ըլլալու իրենց պաշտօնին բերումով: Շատեր կամքի ուժը չունին այս բանն ընելու:

Շարունակելի








All the contents on this site are copyrighted ©.