2015-07-16 09:49:00

’’Աստուծոյ հետ միացած անսանք աղաղակը հանքագործերուն’’:


(Ռատիօ Վատիկան) Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդը կը կազմակերպէ խորհրդածութեան օր մը. 17-19 յուլիս 2015-ին, ''Սալեզիանում'' համալսարանին մէջ, ’’Աստուծոյ հետ միացած անսանք աղաղակը հանքագործերուն’’ նիւթին մասին։

Ուսումնաժողովին կը մասնակցին Ափրիկէէն, Ասիայէն եւ Ամերիկայէն եկած շուրջ 30 հանքագործերու ներկայացուցիչները։

Կլոր սեղանին  խօսք կ’առնէ կարդինալ Թուրքսոն` նախագահը արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդին։ Ժողովը պիտի կատարուի դռնփակ եւ որուն ընթացքին լսելի պիտի ըլլան հանքագործերու վկայութիւնները, ապրումները ու փորձառութիւնները։

Կլոր սեղանին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու ներկայացուցիչները, Քարիթասը եւ այլ բարեսիրական մարմինները, ուր մասնաւորապէս պիտի խօսուի  ''Laudato si’'' շրջաբերական թուղթի հարուստ ուսուցումին մասին եւ պիտի խօսուի հանքածուխի արկածներու ու անոնց հետեւանքներուն մասին։ 

Նշենք որ արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդը վերջերս հրապարակած է ‘’Երկիր ու Սնունդ’’ վաւերաթուղթը, ուր խստիւ կը դատապարտէ հանքերու տէրերու գայթակղեցուցիչ վարմունքը հանդէպ հանքագործերու ու զանոնք պաշտպանող համքարութիւնները։

Ներկայ ժողովով, արդարութիւն ու խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդը կը նպատակադրէ ցայտուն դարձնել հանքագործերու կրած բռնութիւններն ու սպառնալիքները հանքատէրերու կողմէ, ու անոնց կրած բռնաբարուները մարդու իրաւունքներու խախտումով։ Վերոյիշեալ խորհուրդին նպատակն է ապա հրաւիրել քաղաքական ու քաղաքային իշխանութիւնները, գործառուները ու միջկառավարական մարմինները  անսալու աղաղակը հարստահարուածներուն ու պատշաճօրէն համապատասխանեն անոնց արդար պահանջին` հասարակաց բարիքի, արդարութեան ու մարդու արժանաւորութեան ի սպաս։








All the contents on this site are copyrighted ©.