2015-07-16 10:31:00

Սրբալոյս Միւռոնի Օրհնութիւն Պիքֆայայի մէջ ու այլ ձեռնարկներ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 18 եւ Կիրակի 19 յուլիսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ,  Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի առիթով, կազմակերպուած են չորս կարեւոր ձեռնարկներ որոնք սկիզբ կ՛առնեն Շաբաթ 18 յուլիսի առաւօտեան տեղական ժամով 11-ին (Հռոմի ժամով 10-ին), Լիբանանու Ժպէյլի շրջանին մէջ գտնուող ''Թռնչոց Բոյն'' հայկական որբանոցի` Հայոց ցեղասպանութեան մանուկներու ''Արամ Պեզիքեան'' թանգարանի բացումով  որուն պիտի յաջորդէ ապա նոյն վայրին մէջ հիւրասիրութիւն։

Շաբաթ` 18 յու­լիս 2015-ին, երե­կոյ­եան ժա­մը 8:00-ին, Պիք­ֆա­յա­յի Սուրբ Աստ­ուա­ծա­ծին վան­քի շրջա­փա­կին մէջ, պի­տի կա­տար­ուի ապա Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նի Օրհ­նու­թիւնը որ սկիզբ պիտի առնէ թափորով որուն կը յաջորդէ Սուրբ Միւ­ռո­նի օրհ­նու­թեան արարողութիւնը, հուսկ Արամ Ա. Վեհափառի Հայրապետական պատգամը։

Յայտնենք թէ Հայ եկե­ղեց­ւոյ աւան­դու­թեան հա­մա­ձայն, եօ­թը տա­րին ան­գամ մը կա­տա­րուող սոյն հո­գե­պա­րար արա­րո­ղու­թեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Ամե­նայն Հա­յոց կա­թո­ղի­կո­սու­թեան եւ Պոլ­սոյ հա­յոց պատր­ի­ար­քու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ կա­թո­ղի­կոս­ութեան բո­լոր թե­մա­կալ առաջ­նորդ­նե­րը եւ հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սը, ինչ­պէս նա­եւ այլ եկե­ղե­ցի­նե­րու հո­գե­ւոր պե­տեր եւ բարձ­րաս­տի­ճան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ:

Կիրակի 19 յուլիսի առաւօտեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Անթիլիասի Կաթողիկոսարանին մէջ նախատեսուած է Ձայնաւոր Սուրբ Պատարագ որուն կը յաջորդէ համամիութենական աղօթք Ցեղասպանութեան Յիշատակին ձօնուած մատուրի մօտ` մասնակցութեամբ այլ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն որուն կը յաջորդէ ապա սիրող սեղան մը։ Իսկ երեկոյեան ժամը 8-ին Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ` տեղի կ՛ունենայ համերգ որ կ[եզրափակուի Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետի միջամտութեամբ։

Նշենք թէ ''Թռչնոց Բոյն'' որբանոցի` Հայոց ցեղասպանութեան մանուկներու ''Արամ Պեզիքեան'' թանգարանի իրականացումը` կարելի եղաւ Ալեքօ եւ Անի ամոլներու ջանքերով։ Թանգարանը` արդարեւ նուիրուած Ալեքօյի հօր` Արամին, որ 6-ամեայ հասակին միակը եղած է իր ընտանիքին մէջ որ բախտը ունեցած է փրկուելու հայոց ցեղասպանութեան ահազանգէն ու աքսորի ճամբով հասած է լիբանան ուր ապաստան գտած է  ''Թռչնոց Բոյնի'' որբանոցին մէջ։

Ալեքօ եւ Անի Պեզիքեանները անցեալ 13 Յունիսին Հայաստանի մէջ բացումը կատարեցին, իրենց ջանքերով իրականացուած այլ մէկ ձեռնարկին այն է` ''Անի Պեզիքեան'' անունը կրող երիտասարդական կեդրոնը, որտեղ իրենց ուսանողական տարիները կ՛ամբողջացնեն Հայաստանի տարբեր մարզերէ Երեւան ուսանելու եկած անապահով ընտանիքներու սանուհիները։ Կեդրոնը յանձնուած է Հայ Քոյրերու Անարատ Յղութեան միաբանութեան խնամակալութեան։

Նշենք նաեւ թէ Հայ ազգի դունդ զաւակ ու ազգային բարերար  Ալեքօ Պեզիքեան` 1988-ին սպիտակի երկրաշարժի առթիւ, առաջիններէն եղաւ որ փութաց աղէտի վայր` իր սատարը տալու ու բազմաթիւ որբերու եւ ընտանիքներու օգնութեան հասնելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.