2015-07-15 11:27:00

Քանատայի քրիստոնեաներու կոչը կենսոլորտի հարցերու արագ լուծման ի խնդիր


(Ռատիօ Վատիկան) Աշխարհի կենսոլորտի  ջերմութեան աճումին ի տես, քանատայի մէջ քրիստոնեաները կոչ ուղղած են պետական անձնաւորութիւններուն, արագընթաց լուծում գտնելու՝ կասեցնելու համար  կենսոլորտի ջերմութեան աճումը պատճառող հոլովոյթները։

Թորոնթոյի մէջ ­ շուրջ 10 հազար հոգիներ, բողոքի ցոյց կատարած են հանրային կարծիքը շարժելու համար   կենսոլորտի պահպանմնան ի խնդիր եւ անորմէ յառաջացած բացասական երեւոյթներուն։

Խումբ մը առողջապակական գործակալներ , բնահպաններ , 

կարեւոր նկատած են կենսոլորտային արդարադատութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ  Քանատայի մէջ  տնտեսական վարչակարգի մը հաստատումը որ հիմնուած ըլլայ մաքուր ուժանիւթի վրայ։

Նշենք թէ քանատայի ժողովուրդի հիմնական մտահոգութիւններէն մին է  կենսոլորտի փոփոփութեան հետեւաքները երկրի  տեղացի ժողովուրդին վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.