2015-07-15 10:56:00

Քաղդէացիներու պատրիարքը պաշտպանութիւն կը պահանջէ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ի տես Իրաքի քրիստոնեաներու իրավիճակի վատթարացումին, Քաղդէացիներու Սաքօ պատրիարքը` Պաղտատի կառավարութենէն կը խնդրէ աւելի պաշտպանութիւն ընդդէմ գող աւազակներու, չարագործերու  ու ահաբեկիչներու, որոնք կ՛աշխատին յափշտակել անմեղ անհատներու ստացուածքը։

Պատրիարք կը յիշեցնէ որ Իրաքի քրիստոնեաները դարերէ ի վեր կը սատարեն Իրաքի քաղաքակրթութեան ու մշակոյթին։ Ցաւալի է, դիտել կու տայ Ան, որ միջազգային հասարակութիւնը կը բաւարարանայ  դիտել ու խօսքով դատապարտել պատահած արարքները, մինչ հարկաւոր է դիմել լուրջ միջամտութեան մը` վերջ տալու իսլամական պետութեան ոճրագործութիւններուն եւ կարգ ու կանոն հաստատելու Միջին Արեւելքին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.