2015-07-15 09:28:00

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսներու շնորհակալագիրը։


Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսները համախմբուած Զմմառու մայրավանքին մէջ ընտրելու համար Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց 20-րդ Կաթողիկոս Պատրիարքը, 15 յուլիս 2015-ին հրատարակեցին շնորհակալագիր մը, որուն մէջ շնորհակալութիւնը յայտնեցին  անոնց որոնք մասնակցեցան Երջանկայիշատակ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին վախճանումի վիշտին։

 

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԱԳԻՐ

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսները իրենց խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք Երջանկայիշատակ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին վախճանման առիթով, մասնակցեցան անոր թաղման արարողութեան ներկայ գտնուելու՝ անձամբ թէ ներկայացուցիչի միջոցաւ, կամ ցաւակցական գրութեամբ կամ ծաղկեպսակով:

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսները յատուկ շնորհակալութիւն կ'ուղղեն Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին, յարգարժան Կարդինալներուն, Կաթողիկոսներուն, Պատրիարքներուն, Պապական Նուիրակին, Եպիսկոպոսներուն, զանազան Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն, քահանաներուն, կրօնաւորներուն եւ կրօնաւորուհիներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մեծարգոյ նախագահին, Լիբանանի Հանրապետութեան նախկին նախագահներուն, ներկայ եւ նախկին վարչապետներուն, նախարարներուն, երեսփոխաններուն, պետական զանազան անձնաւորութիւններուն, քաղաքական, դիւանագիտական, կուսակցական, մշակութային եւ այլ կազմակերպութիւններուն, հայկական, լիբանանեան եւ միջազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ  համայն հաւատացեալ ժողովուրդին, որոնք ցաւակցական այցելութիւններ տուին կամ հաղորդակցութեան միջոցներով իրենց վիշտն ու սրտակցութիւնը արտայայտեցին նոյն առիթով:

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսները կը յորդորեն բոլոր հաւատացեալները աղօթելու երջանկայիշատակ բարի եւ հաւատարիմ Հովուապետին հոգիին հանգստեան համար: Այս աղօթքը թող ըլլայ որպէս մեծագոյն գնահատանքի արտայայտութիւնը անոր անձին եւ առաքելութեան հանդէպ, միշտ վառ պահելով հանգուցեալ Կաթողիկոս Պատրիարքին յիշատակը:

Պէյրութ, 15 յուլիս 2015








All the contents on this site are copyrighted ©.