2015-07-15 11:46:00

Հայ Եկեղեցին Եւ Հայ Երիտասարդը Դէմ առ Դէմ


«Այսօր ամսուն քանի՞ն է» այսպէս յաճախ կը հարցնեն ոմանք՝ կա՛մ թուղթ մը ստորագրելու եւ անոր տակ թուական դնելու համար, եւ կամ շաբթուան մէջ իրագործելի իրենց այս կամ այն գործը կարգաւորելու մտադրութեամբ:

Շատ քիչերն են, որոնք պարզապէս օրը հարցնելու սիրոյն կը հարցնեն, թերեւս վախնալով, թէ ինչքան շուտ եւ ստուերի պէս կ՛անցնի իրենց կեանքը:
Օրացոյցները իրենց բազմագոյն ու բազմազան տեսակներով արդէն ողողած են մեր կեանքը:

Փոխաբերական իմաստով կը գործածուի այս՝ «գիտէ՛ ամսուան օրը» արտայայտութիւնը անոնց համար, որոնք գիտակ են իրենց գործին, ու մանաւանդ պատրաստ՝ ստանձնելու որեւէ պատասխանատուութիւն:
Հաւաքական աշխատանքներու պարագային միշտ նուիրեալներ կը փնտռուին: Սակայն նուիրումը երբեմն բաւարար չէ՛ գործ մը յաջողութեամբ պսակելու համար:

Անուրանալի է  ներկայ աշխարհի արագավազ ընթացքը, որ «ուրիշին սպասելու» տրամադրութիւն բնա՛ւ չունի: Այդ արագութեան մէջ խեղդուող առաջին երեւոյթը խիղճն է, որովհետեւ մարդիկ սկսեր են երկնային առաքինութիւններ նկատել գութն ու ողորմածութիւնը, որոնք այս աշխարհի հետ մասնաւոր առնչութիւն չունին…

Սեփական թէ հաւաքական աշխատանք իրագործելու համար, կասկած չկայ որ մարդիկ յաջողութեան հասնելու նպատակով ճամբայ կ՛ելլեն: Այլապէս այդքան ճիգ ու ջանք, ժամանակ ու ծախս ո՛չ ոք պիտի ուզեր վատնել, կամ լաւ եւս՝ մսխել:
Հաւաքական աշխատանքի ճամբով կատարուած իրագործումներ, երբեմն անհատական աշխատանքի չափ, ու երբեմն անկէ աւելի լուրջ ծրագիրներու յաջողութիւններ կը համարուին: Եթէ հետաքրքրուինք անոնց աշխատելաձեւով, շատ հաւանաբար տեսնենք, թէ անոնք «ամսուան օրը գիտցող» մարդուն յանձնած են գործը, ու իրենք առանց միջամտելու հետեւած անոր ստանձնած աշխատանքի ընթացքին:
«Ամսուան օրը գիտցողի» տպաւորութիւն թողնող մարդիկ եւս շուտով կը շրջապատեն իսկապէս «ամսուան օրը գիտցողին»: Այնպէս ինչպէս հիւանդ մարդուն շուրջ ինքնուս «բժիշկներ» կը վխտան, նոյնպէս ալ «ամսուան օրը գիտցող» մարդուն շուրջ կը հաւաքուին «մասնագէտներ», որոնք ընդհանրապէս արգելակող գործունէութենէ բացի ուրիշ «բարի ծառայութիւն» չե՛ն մատուցեր: Ասոնք իրենց տգիտութեան մուգ շողը նաեւ կը փորձեն նետել «ամսուան օրը գիտցողներուն» վրայ, իբրեւ թէ «խելք տալու» եւ կողմնորոշելու զանոնք: Սակայն, անոնք չեն գիտեր, թէ «ամսուան օրը գիտցողներուն» միայն ծիծաղ կը պատճառեն իրենց այդ հեղինակաւոր խօսքերով, որոնք փուճ են ու բոլորովին անիմաստ:
«Ամսուան օրը գիտցողներով» պէտք է լեցուն ըլլայ որեւէ հաւաքականութեան մարդոյժը, կարենալ ծրագրելու համար այնպիսի աշխատանքներ, որոնք բոլորին բարիքին ծառայեն: Այնպէս, ինչպէս որեւէ ընտանիք, եթէ չունենայ հեռատես հայր եւ խոհեմ մայր, չի՛ կրնար վերապրիլ արժանապատիւ կերպով, որով վայել է որեւէ ընտանիքի, յատկապէս յառաջադէմ եւ լոյսի ու գիտութեան այս դարուն:
«Ամսուան օրը գիտցող» ըլլալ, կամ գէթ այդպիսի անձ ունենալ շրջապատին մէջ, շատ երանական վիճակ է, որուն յարգը պէտք է գիտնալ ու ոտքերէ բացի նաեւ թեւեր տալ անոր, տեղէն շարժելու համար երբեմն քառակուսի կաղապար դարձած անիւը մեր սեփական թէ հաւաքական կեանքի բազմապիսի գործերուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.