2015-07-15 10:11:00

Իրանը եւ «Վեցեակ»-ը միջուկային համաձայնագրի շուրջ համաձայնութեան եկած են


Իրանը եւ միջազգային միջնորդներու «վեցեակ»-ը համաձայնութեան հասած են իրանական միջուկային ծրագրի հարցով:

Reuters գործակալութեան փոխանցմամբ` իրանական աղբիւրները  հաստատած են այս փաստը:  Կը նշուի, որ փաստաթուղթը պատրաստ է, այսօր տեղի պիտի ունենայ ամփոփիչ հանդիպումը եւ մամլոյ ասուլիսը:

Իրանցի դիւանագէտները համաձայնութիւնը պատմական որակած են:

Նախապէս Իրանի ԱԳ նախարար Մոհամմատ Ճաւատ Զարիֆը յայտարարած էր, որ հնարաւոր կը համարէ «վեցեակ»-ի երկիրներու հետ վերջնական համաձայնութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.