2015-07-15 11:17:00

Գերապայծառ Թոմազի ՝՝Իրանի համաձայնագիրը թող բանայ խաղաղութեան դուռը Սուրիոյ հետ՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Իրանի հետ կնքուած հիւլէական ծրագիրի համաձայնագիրը դրականօրէն դիտուած է Ս. Աթոռի կողմէ, ընդգծած է Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը հայր Լոմպարտին, մատնանշելով որ այդ համաձայնագրով կարեւոր արդիւնք յառաջացած է , սակայն՝ անհրաժեշտ է  այդ ուղղութեամբ ջանքերը շարունակել՝ բարեբեր պտուղներու յանգելու համար  հաստատած է Ան։

Իր կարգին գերապայծառ Թոմազի` Ս. Աթոռի մնայուն դէտը, ՄԱԿի Ժընեւի գրասենեակին մօտ իր ունեցած ելոյթին մէջ ըսած է. ''ներկայ դժուար պայմաններու մէջ, ուր աշխարհի զանազան վայրերու մէջ բռնութիւնները կը շարունակուին ու կը տարածուին,  համբերութեամբ եւ տրամաբանութեան ինչպէս նաեւ  բարի կամքով խրթին հարցերու  շուրջ ձեռք բերուած  քաղաքական լուծումներուն ականատես ըլլալը, մեր առջեւ կը բանայ յոյսի ճանապարհ մը, այլ խրթին հարցերու լուծումին ի սպաս։

Անվտանգութեան Խորհուրդի անդամներու ու Իրանի միջեւ համաձայնութեան  ստորագրութիւնը ինքնին մեծ յաջողութիւն մըն է։ Ասիկա  ցոյց կու տայ որ երկխօսութիւնը կը յաղթանակէ  բռնութեան վրայ եւ յոյս կը ներշնչէ դրական լուծում մը գտնելու Սուրիոյ տագնապին - ըսած է Վատիկանի դիւանագէտը  մաղթելով եւ աղօթելով որ  որ բարի կամքի այս արտայայտութիւնը, ի յայտ եկած եւ ընդգծուած այս համաձայնագրութեամբ, հասուննայ ու կիրարկուի շինիչ ու արդար ձեւով։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.