2015-07-15 09:23:00

''Աղքատութեան ի խնդիր նուազ եսասիրութիւն'' Միջազգային Քարիթաս։


(Ռատիօ Վատիկան) 13-17 Յուլիս Ատիս Ապեպայի մէջ տեղի կ՛ունենայ աշխարհի մեծամեծներու երրորդ միջազգային հաւաքը` խորհրդակցելու բարգաւաճումի ֆինանսաւորում նիւթին մասին։

Այս առթիւ Միջազգային Քարիթասի նախագահ` կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ խնդրեց աւելի յանդգնութիւն, նուազ ազգային շահերու փնտռտուք ու աւելի մասնակցութիւն, արմատախիլ ընելու աղքատութիւնը։

Միջազգային Քարիթասը իր մասնակցութիւնը կը բերէ այս յոյժ կարեւոր ժողովին Անգլիոյ, ֆրանսայի ու Կանայի Քարիթասներու պատասխանատուներու ներկայութեամբ։

Կառավարութիւնները պէտք են յանձնառումով ֆինանսաւորել աղքատ երկիրներու զարգացումը, ընդգծած է կարդինալ Թակլէ, շեշտելով հարկաւորութիւնը հաւասար օրէնքներու հաստատումին` երաշխաւորելու բնական հարստութիւններու աւելի արդար ու հաւասար բաշխումը ու նախատեսելու առանձնական բնագաւառներու վնասաբեր գործունէութիւնները։

Միջազգային Կարիթասը իր վերապահութիւնը յայտնած է ի տես ֆինանսի տիրապետութեան տնտեսութեան վրայ, եւ այդ պատճառաւ կը խնդրէ որ ազգային անձնասիրութիւնները ու շահերը ետ քայլ կատարեն թերաճ երկիներուն ի շահ։ Պէտք ունինք համաձայնագիրի մը որ կը յարգէ ամէն անհատի արժանաւորութիւնը ու բոլորին  մասնակցութիւնը -ըդգնծած է  Կարդինալ Թակլէ։։








All the contents on this site are copyrighted ©.