2015-07-14 09:24:00

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր ծննդավայրի ցամաքամասին մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Պապին իր ծննդավայրի ցամաքամասին կատարած առաքելական այցելութիւնը։ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի առաքելական ճամբորդութիւնը եղաւ իւրայատուկ  ճամբորդութիւն մը։ Իւրայատուկ  իր յանձնառումով` տեւեց 8 օր, այցելեց երեք երկիր եւ փոխեց 7 օդանաւեր։

Այս առաջին անգամն է որ Քահանայապետը  կ’այցելէ  իր ծննդավայրի սպանախօս ցամաքամասը։ Սրբազան Հայրը մէկ ակնթարթով կարողացաւ անցնիլ ԱրԺանթինի վրայէն մինչ Պոլիվիայէն (Santa Cruz) կը թռչէր դէպի Փարակուէի (Asuncion)։ Արժանթինի նախագահ`  տիկին Քրիստինա Քիրչներ Փարակուէի անցաւ ողջունելու Սրբազան Քահանայապետը` այնտեղ մատուցած սուրբ  պատարագին աւարտին, ինչպէս ըրին բիւրաւոր արժանթինցիներ Քաաքուփէի  մարեմեան սրբավայրին մէջ։

Էքուատորի, Պոլիվիայի եւ Փարաքկուէի մէջ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը  ինքզինք զգաց իր տան մէջ, միշտ ժպտադէմ ու խօսելով այդ երկիրներու մայրենի լեզուն։

Պոլիվիային մէջ, բոլորին զարմանք պատճառեց, տեսնելով, առանց որեւէ դժուարութեան, ճառ արտասանելը, հակառակ 4.000 մեթրի բարձրութեան վրայ գտնուելուն, Ինք 78 տարեկան, 21 տարեկանին իր թոքին մէկ մասի արտահանումի գործողութեան ենթարկուած էր։

Ամերիկեան ենթա-ցամաքամասի  ապրած ընտանութիւնը արդիւնքն է Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի հանդէպ ունեցած բարեպաշտութեան եւ որուն հոգւով սրտով կապուած են  լատիամերիկայի ժողովուրդները։

Փարակուէի Քաաքուփէի մարեմեան սրբավայրին մէջ` Նորին Սրբութիւնը մեծապէս յուզուեցաւ Հրաշքներու Տիրամօր արձանին դիմաց։ Ան որպէս Buenos Aires-ի  արքեպիսկոպոս շատ մը ժողովրդապետութիւններ նուիրած էր Քաաքուփէի  Տիրամօր։

Այս ճամբորդութեան ընթացքին նշմարուեցան բազմաթիւ խորհրդանշանական ժեստեր . ծերուկներու հետ հանդիպումը Քիթոյի ծերանոցին մէջ, Պոլիվիայի բանտարկեալներու հետ սրտբաց խօսակցութիւնը,  մանուկ հիւանդներու հետ յուզմունքը, Պանիատօ Նորթէի ընչազուրկներու հետ գորովալի վերաբերմունքը։ Իր բոլոր տեղափոխութիւններուն ընթացքին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը դրսեւորեց իր կարեկցութիւնն ու սէրը պատանիներուն։ Էքուատորի մէջ մէկ առ մէկ ողջունեց մանուկ բնիկները։

Բացի այս խորհրդանշանական ժեստերէն, Նորին Սրբութիւնը խորիմաստ ճառեր արտասանեց։

Ան հրաւիրեց լատինամերկացիները  ճշմարիտ յեղափոխութիւն մը կատարելու  դրապէս  ապրելով Աւետարանը` ''Մեր Հաւատքը յեղափոխական է'' - ըսաւ Ան։ Կոչ ուղղեց միութեան որպէսզի դարձեալ չփորձուին եղբայրասպան  պատերազմներ կատարելէ։ Խստիւ դատապարտեց մահաբեր տնտեսութիւնը, պահանջելով  համաշխարհային նոր համակարգի մը ստեղծումը` ի սպաս բոլոր մարդոց, սկսեալ չքաւորներէն։ Իր բոլոր տեղափոխութիւններուն խօսեցաւ ամբողջական բնապահպանութեան մասին, պաշտպանելով բնութիւնը ու աշխատելով մարդկային բարգաւաճումին ի սպաս։

Վստահաբար Սրբազան Քահանայապետը  Հռոմ վերադարձաւ քիչ մը հայրենաբաղձութեամբ  սակայն գոհունակ որ կարողացաւ իր ցամաքամասի զաւակներուն տանիլ յոյսի, սիրոյ եւ խաղաղութեան պատգամը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.