2015-07-14 10:01:00

Հայ եւ Ասորի եկեղեցիները պիտի սերտացնեն իրենց համագործակցութիւնը միջին արեւելքի մէջ


ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Շաբաթ, 11 Յուլիս 2015ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Իգնատիոս Աֆրամ Բ. ասորիներու պատրիարքին միջեւ:
Վեհափառ հայրապետի կողքին, հանդիպման ներկայ էին միաբան հայրեր, իսկ պատրիարքին կ՛ընկերանային ասորի հոգեւոր հայրեր Պէյրութէն եւ Դամասկոսէն:
Եղբայրական սիրալիր մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին, կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ հայ եւ ասորի եկեղեցիներուն գործակցութեան նոր թափ տալու հրամայականը Միջին Արեւելքի եւ Սփիւռքի այլ գաղութներէն ներս: Այս շրջագիծէն ներս շեշտուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին յատուկ կարեւորութիւն ընծայելու անհրաժեշտութիւնը:
Աֆրամ Բ. պատրիարք իր շնորհակալութիւնը յայտնեց վեհափառ հայրապետին, ասորի ժողովուրդի ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած բացման հանդիսութեան իր ներկայութեան ու պատգամին համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.