2015-07-14 14:20:00

''Իրանի Հիւլէական ծրագիրի համաձայնութիւնը դրական քայլ է'' ըսաւ Հայր Լոմպարտին։


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Յիսուսեան Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի, պատասխանելով իրեն ուղղուած հարցումին` հայող Իրանի Հիւլէականին մասին ստորագրուած համաձայնութեան, յայտարարեց թէ '' Իրանի հիւլէական ծրագրի թղթածրարի համաձայնագիրը դրական կը նկատուի Սուրբ Աթոռի կողմէ։ Այս մէկը կարեւոր արդիւնքն է մինչեւ օրս կայացած բանակցութիւններուն, որոնք պէտք է շարունակուին բոլորին ջանքերով եւ յանձնառումով, որպէսզի տայ իր պտուղները։ Պտուղներ որ յուսանք չի սահմանափակուին լոկ Հիւլէական ծրագրի մարզէն ներս այլ տարածուին նաեւ այլ ուղղութիւններով։








All the contents on this site are copyrighted ©.