2015-07-14 09:45:00

Երկնքի համար ուրախութեամբ ապրինք


Երանի՜ ձեզի, որ հիմա անօթի էք, որովհետեւ պիտի հագենաք,

Երանի՜ ձեզի, որ հիմա կու լաք, որովհետեւ պիտի խնդաք:

Երանի՜ ձեզի, երբ մարդիկ ձեզ նախատեն, երբ ձեզ հեռացնեն եւ ատեն, ձեր մասին չար անուն հանեն մարդու Որդիին համար:

Այն օրը դուք ուրախացէք եւ ցնծացէք, որովհետեւ ահաւասիկ մեծ է ձեր վարձատրութիւնը երկինքի մէջ: Որովհետեւ անոնց հայրերը այսպէս վարուեցան մարգարէներուն հետ: (Ղկ 6, 21-23)

 

Սուրբ Ղուկասի երանութիւններու աւետարանը կը նկատուի Աւետարանի ամէնագեղեցիկ կտորներէն մին: Հոն կը գտնենք կեանքին իսկական ուրախութեան ուսուցումները եւ հանգիստ ապրելու Քրիստոսի հետ: Երբ Յիսուս կ'արտասանէր այս գեղեցիկ խօսքերը, իր աչքերը սեւեռած էր իր աշակերտներուն տեսնելու համար իրենց հակազդեցութիւնը: Այսօր ալ նոյն ինքն Յիսուս իմ աչքերուս կը նայի որսալու իմ ուշադրութիւնս եւ ցուցնելու ինծի իր սիրալիր գութը, եւ ատոր համար պէտք եմ ընդունիլ ինչ որ ինծի կ'ըսէ, որովհետեւ ինքն է խօսողը  եւ կը կարծեմ թէ ունի յաւիտենական կեանքին խօսքերը որոնց մէջ կ'ընդգրկէ աղքատութիւնը, անօթու-թիւնը ուր կը գտնենք Աստուծոյ արժէքները:

Բոլորէս կը խնդրուի որ փնտռենք Արքայութիւնը: Յիսուս զիս կը քաջալերէ երթալու Արքայութեան արժէքներուն ինք-զինքս եւ մանաւանդ իմ հագիստս մոռ-նալով, Յիսուսն ալ իմ կարգիս դափնե-պսակը պիտի դնէ գլխուս վրայ:

Շատերը կը մոռնան փնտռելու ար-քայութիւնը այս աշխարհիս մէջ մանաւանդ երբ կը կարդանք երանութիւնները որ մեզ-մէ կը պահանջեն հաւատքի նայուածք մը եւ յարատեւութեան հոգի մը:

Սուրբ Ղուկասը մեզի կը փոխանակէ ոչ միայն երանութիւնները, այլ իրենց հակառակ մասը որոնք մեզի կը ներկայա-նան որպէս ազդատախտակներ... Հոն կը գտնենք խնդրուած ճամբան որովհետեւ ուր որ իմ գանձս կը գտնուի հոն պիտի ըլլայ նաեւ իմ սիրտս (Ղկ 12, 34): Արդե՞օք իմ սիրտս կը կարօտի երկնային ուրախու-թեան եւ հանգիստի, եւ կամ երկնային եւ առժամեայ հաճոյքներուն:

Ո՜վ Տէր, տուր ինծի ուրախութիւնը քննելու եւ փորձելու մէկ մաս մը այն ուրա-խութեան որ կը գտնուի քեզի հետ եւ մեր միութեան մէջ: Օգնէ ինծի գտնելու իմ ծաղկումս եւ զբօսանքս քեզ սիրելով եւ քեզի համար տալով կեանքս:

Ո՜վ Տէր եւ Հայր իմ, քեզի շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ստեղծա-գործութեան շնորհքին համար եւ մանա-ւանդ իմ կեանքիս համար:

Ո՜վ Աստուծոյ Որդի, շնորհակալո-ւթիւն քեզի որ քու արիւնովդ զիս փրկեցիր:

Ո՜վ Աստուծոյ Հոգի, շնորհակալ եմ քեզի քանի որ դարձար անուշ այցելուն իմ անձիս, հոգիս լուսաւորելու, եւ վառելու իմ սրտիս մէջ քու սիրոյդ հրակը:

Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան  








All the contents on this site are copyrighted ©.