2015-07-14 10:12:00

Բաղրամեան Պողոտային վրայ բռնութիւններ կիրարկած ոստիկանները կը պատժուին


Երեւանի Բաղրամեան պողոտային եւ  Ազատութեան հրապարակին վրայ 23 յունիսին տեղի ունեցած դէպքերով` հասարակական կարգը վերահաստատելու ուղղութեամբ իրականացուած քայլերուն ընթացքին, ոստիկաններու գործողութիւններուն կապուած, Հայաստանի Հանրապետութեան  ոստիկանութեան պետ Վլատիմիր Գասպարեանի յանձնարարութեամբ նոյն օրը ոստիկանութեան ներքին անվտանգութեան վարչութեան մէջ  նշանակուած էր ծառայողական քննութիւն, յայտնեց ոստիկանութիւնը:

Երէկ կատարուած քննութեան արդիւնքներով պարզուեցաւ, որ 9 ոստիկաններ  կարգապահական խախտումներ կատարած են:

Վլատիմիր Գասպարեանի հրամանով` ոստիկանութեան հասարակական կարգի ապահովման վարչութեան բաժանմունքի պետի տեղակալ, ոստիկանութեան փոխգնդապետ Գ. Աբրահամեանի պաշտօնը  նուազած է մէկ աստիճանով: Երեւանի ոստիկանապետի գործողութիւններու գծով տեղակալ, ոստիկանութեան գնդապետ Ա. Մեհրապեանին  նկատողութիւն ուղղուած է, 7 ոստիկաններու` խիստ նկատողութիւն, իսկ մնացեալներուն գործողութիւններու եւ քաղաքացիներու դիմումներու քննարկման մասով ծառայողական քննութիւնը կը շարունակուի: Արդիւնքներուն, մասին կը տեղեկացուի պարբերաբար:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.