2015-07-13 14:04:00

Յունաստանի խորհրդարանը վաւերացուց վարկատուներու հետ համաձայնութեան ծրագիրը


Յունաստանի խորհրդարանը իր աջակցութիւնը յայտնեց յունական կառավարութեան կողմէ երկրին պարտքերուն ճգնաժամին վերջ տալու եւ ելեւմտական նոր օժանդակութիւն ապահովելու ձգտող տնտեսական բարեփոխումներու թղթածրարին:

251 երեսփոխաններ թղթածրարին թեր քուէարկեցին, 32 երեսփոխաններ` ոչ, իսկ 8 ուրիշներ ձեռնպահ մնացին: Ձեռնպահ մնացած երեսփոխաններու շարքին էին իշխող Սիրիզա կուսակցութենէն խորհրդարանի նախագահ Զոյ Քոնսթանթոփուլու եւ ուժանիւթի նախարար Փանակիոթիս Լաֆազանիս:

Հակառակ անոր որ իր կուսակցութեան անդամ երեսփոխաններ քուէարկութեան ընթացքին ձեռնպահ մնացած էին, Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս յայտնեց, որ քուէարկութեան արդիւնքը վարկատուներուն հետ բանակցութիւնները շարունակելու «ուժեղ լիազօրութիւն» մըն է:

«Այժմ առաջնահերթութիւնը բանակցութիւններուն դրական արդիւնք մը ապահովելն է: Մնացեալ ամէն բան իր ժամանակին», ըսաւ ան:

Յունաստանի վարչապետը յայտարարեց. «Մեր ազգային պարտաւորութիւնն է մեր ժողովուրդը պահել կենդանի եւ Եւրոյի գօտիին մէջ»:

Եւրոյի գօտիի ելեւմուտքի նախարարները պիտի ուսումնասիրեն առաջարկը: Եւրոպական Միութեան աղբիւրներ յայտնեցին, որ Յունաստանի վարկատուները` Եւրոպական յանձնաժողովը, Եւրոպական կեդրոնական դրամատունը եւ Միջազգային դրամական ֆոնտը կը հաւատան, որ ծրագիրը դրական է:








All the contents on this site are copyrighted ©.