2015-07-13 10:47:00

Կարդինալ Սանտրիի քարոզը Պրիւքսէլի Քաղդէացի քրիստոնեայ հաւատացեալներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 12 յուլիսի առաւօտեան ժամը 10-ին,  Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչը` կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի`  պատարագ մատուցեց Պրիւքսէլի Սրբուհի Թերեզեայի նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ, Քաղդէացի հաւատացեալներուն համար, որոնց  տօնացոյցը կը յիշատակէ 12 առաքեալներու տօնը։

Ս. Գրային ընթերցումներէն ետք կարդինալը  քարոզ մը արտասանեց որուն մէջ  իր խնդակցութիւնը յայտնեց հանդիպում ունենալու Պրիւքսէլի արեւելցի հաւատացեալներուն եւ մասնաւորապէս Քաղդէացի հաւատացեալներու հետ։

Այս ս. Սեղանէն կ՛ընծայեմ հացն ու գինին ձեր բոլորին դիտաւորութեան համար, Իրաքի ու Միջին Արեւելքի բոլոր կղերին ու հաւատացեալներուն համար - ըսաւ Կարդինալը ու անդրադարձաւ Հոգեգալստեան տօնին ըսաելով` ''Առաքեալները  Հոգեգալուստթն ետք  սկսան անմիջապէս հիւանդները բուժել ու  դիւահարներ ազատագրել,  շնորհիւ Աւետարանի քարոզութեան։ Իսկ  հրեայ կրօնապետերը զանոնք կ՛արհամարհէին ու կը  հալածուէին։ Անոնք, սակայն,  յօժարակամ ընդունեցան հալածանքը  գիտնալով որ Աստուծոյ աչքին հաճելի էին։

Պօղոս առաքեալը  Կորնթացիներուն ուղղած երկրորդ թուղթին մէջ կը գրէ. ''մեր պարծանքը կը կայանայ վկայութիւն տալ Յիսուս Քրիստոսի յարութեան ու Աւետարանին''։ Իրաքի ու Սուրիոյ քրիստոնեայ հասարակութիւնները թիրախ են ՏԱՀԵՇԻ կոյր հալածանքին, Ձեզ` գաղթականներ - ըսաւ Կարդինալ Սանտրի -   կը խրախուսեմ ամուր մնալու առաքեալներու հաւատքին մէջ։ Սրբազան Քահանայապետը յաճախ իր ձայնը կը բարձրացնէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու  պաշտպանութեան ի խնդիր։ Ան շատ կը փափաքի Իրաքը  այցելել։ Անոր ներկայութիւնն ու խօսքը նման են Պետրոս առաքեալի շուքին, որուն մասին կը խօսի Առաքեալներու գործերը, անոր անցքը սփոփանք մըն է աղքարին, տառապեալին ու հալածուածին։

Աղօթենք համայն աշխարհին համար եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի մեր եղբայրներուն համար, որոնք պէսպէս նեղութիւններ կը կրեն։ Տէրը ողորմի մեզի, Տէրը, մարդոց քարացած սիրտերը  դարձի բերէ։ Տէր, Աւետարանին մէջ բուժեցիր հիւանդը. դիտէ այսօրուան մարդկութիւնը որ իր արժանաւորութենէն դուրս կու գայ բռնութիւն ու աւեր գործելով։ 

Թող Աստուածածինը պահպանէ մեր սիրտը Յիսուսի` իր Որդիին մօտ  եւ թող որ սուրբ առաքեալները ընկերանան մեզի իրենց բարեխօսութեամբ։ Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.