2015-07-12 10:23:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Ասսունսիոնի մայր տաճարին մէջ կը կատարկէ երեկոյեան ժամերգութիւն


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապ, շաբաթ` 11 յուլիսի երեկոյեան ժամը 18։15ին (Հռոմի ժամով՝  կիրակի 00։15ին) Փարակուէյի, Ասունսիոնի Մայր Տաճարին մէջ երեկոյեան ժամերգութիւն կատարեց՝ մասնակցութեամբ քահանաներու, կրօնաւոր-կրօնաւորուհիներու, ժառանգաւորներու եւ կաթողիկէ շարժումներու։

Սրբազան Պապը  այս առթիւ արտասանած  պատգամին մէջ շօշափեց զանազան հարցեր որոնց շարքին աղօթքի անհրաժեշտութիւնը։  Աղօթքը, կը յիշեցնէ Սրբազան Պապը, կը յայտնէ այն, ինչ որ մեր առօրեայ կեանքին մէջ կ՝ապրինք. այն աղօթքը, որ չ՝ուզեր ըլլալ վանողական եւ կամ լոկ զարդարուն։ Մենք ենք, որ կը պաշտպանենք իւրաքանչիւր մարդկային կեանքի արժէքը՝ սկսեալ ծնունդէն, մինչեւ տարիները բազմանան եւ ոյժերը նուազին։ Աղօթքը Աստուծոյ, ուրիշներու եւ արարչութեան հանդէպ մեր ունեցած սիրոյ ցոլացումն է։

Ֆրանչիսկոս Պապ բոլոր քահանաները, կրօնաւորներն ու կրօնաւորուհիները, աշխարհականներն ու ժառանգաւորները կը յորդորէ գործունեայ նպաստ բերելու եկեղեցական համագործակցութեան, մանաւանդ թեմերու եւ ցամաքամասի առաքելութեան ծրագիրներուն՝ համագործակցելով բոլորին հետ, եւ տրամադրելի ըլլալով հասարակաց բարիքին։

Յիսուսի գլխաւորութիւնը յստակօրէն նկարագրուած է Եբրայեցիներու ուղղուած նամակին մէջ։ Հետեւաբար՝ իւրաքանչիւր նուիրեալ անհատ՝ կ՝ընթանայ դէպի կատարելութիւն՝ Յիսուսի նման, տառապանքի մէջ սորվելով՝ թէ ինչ կը նշանակէ հնազանդիլ։ Այս մաս կը կազմէ նաեւ մեր կոչումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.