2015-07-12 18:24:00

Փարակուէի Ասունսիոնի առաջնորդի տպաւորութիւնները Պապին ճամբորդութեան մասին։


(Ռատիօ Վատիկան)  Քահանայապետին այցելութեան տպաւորութեան մասին Ասունսիոնի առաջնորդը արքեպիսկոպոս Edmundo Ponciano Valenzuela Mellid հետեւեալը ըսաւ. ''Սրբազան Հայրը մեկնելով Փարակուէյէն մեզի կը թողու կաթողիկէ` քրիստոնեայ հասարակութիւն մը, եկեղեցի մը աւելի միացած, աւելի միսիոներական, աւելի զգայուն բնապահպանութեան  ու արարչագործութեան պաշտպանութեան նկատմամբ։ Եկեղեցի մը որ պատրաստ է աւելի մօտէն ընկերանալու հողամշակին, բնիկներուն, աղքատին։ Եկեղեցի մը աւելի պատրաստ ու բաց բազմամշակութային  երկխօսութեան։ Մեզի կը թողու Յիսուս Քրիստոսի եկեղեցի մը, որ անխտրաբար  ամէնուն պէտք է պատկանի։

Պետական ու կառավարական գետնի վրայ, մենք, ըսաւ Ասունսիոնի առաջնորդը, կ՛ակնկալենք ու կը սպասենք ճշմարիտ հաշտութիւն մը քաղաքական մարդոց միջեւ։ Կը սպասենք որ քաղաքագէտները վերջապէս ըմբռնեն որ ճշմարիտ քաղաքականութիւնը կը կայանայ երկխօսութեան մէջ, հարցերը դիմագրաւելու կարողութեան մէջ եւ ոչ իրար զիրար վարկաբեկելու մէջ։

Մեր մաղթանքն է որ քաղաքական մարդիկը հետամուտ չըլլան իրենց սեփական շահերուն, այլ հայրենասիրութեան, ազգային շահերուն, հասարակաց բարիքին, ամէն անհատի արժանաւորութեան եւ մասնաւորապէս ընտանիքի բարիքին։   








All the contents on this site are copyrighted ©.