2015-07-12 17:25:00

''Հաւատքը երբ զօրակից չէ կը մեռնի'' Ֆրանչիսկոս Պապը Պանիատօ Նորթէի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան)  Կիրակի` 12 յուլիս 2015-ին, առաւօտեան ժամը 8-ին (Հռոմի ժամով 14-ին) Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց  ''Իլ Պանիատօ Նորթէ''  Փարակուէյի աղքատ ու ճահճային շրջանը, որ կը գտնուի մայրաքաղաքէն 8 քմ հեռաւորութեան վրայ, ուր կաթողիկէ Եկեղեցին մեծ գործունէութիւնը կը տանի սատարելու եւ թիկունք կանգնելու այնտեղ ապրող ընտանիքներուն։

Նորին Սրբութիւնը  ''Իլ Պանիատօ Նորթէ'' ի մէջ դիմաւորուեցաւ տեղւոյն ժողովրդապետի կողմէ Հայր Իրենէօ Վալտէզ եւ Յիսուսեան Միաբանութեան գաւառային պատասխանատուի կողմէ, որոնք Սրբազան Հօր ներկայացուցին տեղական հասարակութիւնը։

Այս առթիւ արտասած իր խօսքին մէջ Սրբազան Պապ անդրադարձաւ այն վկայութիւններուն, որոնք այս վերջին շաբաթներուն իրեն ներկայացուցած են` կեանքի դէպքեր, ուր անհատներ կը պայքարին ունենալու արժանավայել կեանք մը, երդիք մը, գերազանցելու ժամանակի դաժանութիւնը, եւ այս վերջին շաբաթներու հեղեղները։ Իրականութիւն մը, որ զօրակցութիւնը չէ ջնջած, այլ ընդհակառակը՝ զայն ամրապնդած է։

Սրբազան Պապը վերյիշեց Յովսէփի եւ Մարիամի պատմութիւնը։ Անոնք ստիպուած եղան թողուլ սեփական հողը, իրենց սիրելիները, ստիպուած եղան թողուլ իրենց իրերը եւ երթալ այլ երկիր։ Երկիր մը, ուր ոչ ոք կը ճանչնային, ուր չունէին բնակարան, եւ ոչ ալ ընտանիք։ Այն պահուն, այդ երիտասարդ զոյգը լոկ Յիսուսը ունէին։ Առանձին էին, օտար երկրի մը մէջ, միայն երեք անձ։ Անոնց կեանքը կապուած էր ժամանակի եւ այլ տիպի դաժանութիւններու հետ։ Երբ հովիւները իմացան Յիսուսի ծննդեան մասին, մօտեցան անոր, եղան անոր մերձաւորները, դրացիները, անմիջապէս եղան Մարիամի եւ Յովսէփի ընտանիքը, Յիսուսի ընտանիքը։

Այս կը կատարուի՝ երբ Յիսուս մեր կեանքին մէջ կը ներկայանայ։ Այս է, որ կ’արթնցնէ հաւատքը։ Հաւատքը՝ որ մեզ կը վերածէ մերձաւորներու, մեզ մերձաւոր կը դարձնէ ուրիշներու կեանքին։ Հաւատքը կը ոգեւորէ մեր յանձնառութիւնը, մեր զօրակցութիւնը։ Յիսուսի ծնունդը մեր կեանքին կը շնորհէ վերազարթնում։ Հաւատք մը, որ չի զօրակցիր, մեռեալ հաւատք մըն է։ Հաւատք մըն է՝ առանց Քրիստոսի, հաւատք մը՝ առանց Աստուծոյ, հաւատք մը՝ առանց եղբայրներու։ Առաջին անձը, որ զօրակցութիւն ցուցաբերեց՝ Տէրն էր, որ որոշեց մեր մօտ, մեր մէջ բնակութիւն հաստատել։ Այն հաւատքը, որ Յիսուս մեր մէջ յառաջ կը բերէ, հաւատքն է՝ ապագայի երազանքի եւ ներկայիս մէջ՝ անոր համար պայքարի – ըսաւ  Սրբազան Պապը հուսկ քաջալերեց բնակչութիւնը, որ շարունակեն ըլլալ առաքեալներ, շարունակեն “վարակել” հաւատքը փողոցներու վրայ, ըլլալ մերձաւոր՝ յատկապէս երիտասարդներու եւ տարիքաւորներու, ըլլալ նեցուկ երիտասարդ ընտանիքներու եւ խթանել ընտանեկան կեանքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.