2015-07-11 09:26:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հեռագրերը դէպի Փարակուէյ ճանապարհորդութեան ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 10 յուլիսին Ֆրանչիսկոս Պապը հրաժեշտ առնելով Պոլիվիայէն ուղղուեցաւ փարակուէյ ու ճանապարհորդութեան ընթացքին, սովորութեան համաձայն, հեռագրեր յղեց Պոլիվիայի եւ Արժանթինի նախագահներուն։  Նախագահ Մորալեսին յղած հեռագիրին մէջ Սրբազան հայրը  սրտագին բարեմաղթութիւններ յայտնեց նախագահին ու Պոլիվիայի համայն ժողովուրդին  խնդրելով Բարձրեալէն որ լիացնէ անոնց կեանքը իր շնորհքներով եւ օրհնութիւններով։ Ապա Արժանթինի նախագահ տիկին Քիրչների ուղղած պատգամին մէջ սրբազան Հայրը գրեց. ''Մինչ կ’անցնիմ սիրեցեալ հայրենիքիս երկինքին վրայէն,  հովուական այցելութիւնս կատարելու Փարակուէի, սիրով կ’ուղղեմ  իմ գորովալիր ողջոյնս նախագահ Քրիստինա Քիրչների, խնդրելով Ամենակալ Տիրոջմէն որ ողողէ Ձեզ ու իմ հայրենակիցներս իր շնորհքներով, որպէսզի շարունակէք բարգաւաճիլ մարդկային ու հոգեւոր արժէքներու մէջ  ու երկրին մէջ ամրապնդուի արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.