2015-07-11 16:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց Ասունսիոնի մանկաբուժարանը։


(Ռատիօ Վատիկան) Լատին ամերիկա կատարած 9-րդ առաքելական միջազգային ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիկոս Պապը` ուրբաթ 10 յուլիսին, այցելէ ետք Էքուատորն ու Պոլիվիան ժամանեց Փարակուէյ։

Փարակուէյի մէջ Սրբազան Հայրը` 11 յուլիս 2015-ին, տեղական ժամով 8-ին (Հռոմի ժամով 14-ին) այցելեց ''Նինիոս Տէ Աքոսթա Նիու'' Մանկաբուժական կեդրոնը ուր հանդիպում ունեցաւ կեդրոնին մէջ խնամուած մանուկներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն ինչպէս նաեւ մանկաբուժարանի աշխատակազմին հետ։

Մէկդի դնելով այս առիթով պատրաստուած գրաւոր ճարը Նորին Սրբութիւնը իր սրտաբուխ խօսքին մէջ մատնանշեց թէ մանուկները Յիսուսի նախընտրեալներն են։ ''Ըսել չէ թէ Յիսուս մեծերը չի սիրեր, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, սակայն աւելի ուրախ էր երբ մանուկներուն հետ էր ու անոնց հետ բարեկամութիւն կը մշակէր այնպէս որ իր աշակերտներուն ըսաւ''եթէ չըլլաք մանուկներու նման պիտի չմտնէք երկնքի Արքայութեան մէջ'' (Մատթ. 18,3)։

Սրբազան Հայրը ապա խօսքը ուղղեց մանկաբուժարանի մանուկներուն ''Ձեզ տեսնելը մեզի կու տայ ուժ եւ վստահութիւն յառաջ ընթանալու'' ըսաւ Սրբազան Պապը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց մանկաբուժարանի անձնակազմին` բժիշկներուն, հիւանդապահերուն եւ բոլոր գործաւորներուն իրենց մատուցած ծառայութեան համար, ''օգնելու եւ ընկերանալու տառապանքի մէջ գտնուող եղբայրներուն''։

Քահանայապետը հուսկ հրաւիրեց մանուկները աղօթելու, խօսելու Յիսուսին հետ ու անոր հետ բաժնեկցելու իրենց տարակոյսներն ու իրենց ցաւերը։ ''Յիսուս միշտ ձեր հետ է եւ այնտեղ ուր Յիսուսը ներկայ է` ներկայ է նաեւ Մարիամը Քաաքուփէյի Սուրբ Կոյսը։ Անորմէ խնդրենք որ ձեզ պահպանէ ու բարեխօսէ ձեզի եւ ձեր ընտանիքներուն համար'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը  խօսքը եզրափակելով ու խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար ու ապա շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։

Մանկաբուժարանի այցելութենէն ետք Սրբազան Քահանայապետը ուղղուեցաւ Քաաքուփէի Անարատ Յղութեան նուիրուած Սրբավայր որ կը գտնուի Ասունսիոնէն 40 քմ հեռաւորութեան վրայ։ Քաաքուփէ կը նշանակէ ''Լեռան ետեւ''։

Սրբավայր ժամանելուն Սրբազան Հայրը պահ մը ամփոփուեցաւ Սուրբ Կոյսի արձանին դիմաց ապա Սրբավայրին մէջ հանդիսապետեց Սուրբ պատարագի արարողութիւնը նորոգելով իր նախորդին` Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի, 1988-ին Փարակուէյին` Աստուածամօր նուիրագործումը։

Սուրբ Զոհի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կը վերադառնայ Ասունսիոնի առաքելական նուիրակութիւն ապա յետմիջօրէի տեղական ժամով 16,30-ին (Հռոմի ժամով 22,30) կը փոխադրուի Լէոն Քոնտու մարզակեդրոն ուր հանդիպում կ՛ունենայ Քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչներուն հետ անոնց ուղղելով ճառ մը։

Հանդիպման աւարտին Սրբազան Հայրը կ՛ուղղուի Ասունսիոնի աթոռանիստ եկեղեցի ուր` 18,15-ին  (Հռոմի ժամով 00,15-ին) տեղի կ՛ունենայ ժամասացութիւն Փարակուէյի կղերական դասի մասնակցութեամբ որուն ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը իր սրտի պատգամը կ՛ուղղէ ներկաներուն վերջ տալով Լատին Ամերիկա կատարած առաքելական ճամբորդութեան վերջընթեր օրուայ յայտագիրին։








All the contents on this site are copyrighted ©.