2015-07-11 09:50:00

Տօն Պայծառակերպութեան Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի կամ Վարդավառ։


Յիսուսի Այլակերպութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն մէկն է: Ան կը կատարուի Զատիկէն 14 կամ Հոգեգալուստէն 7 շաբաթ ետք հանդիպող առաջին կիրակի օրը, հետեւաբար ան ունի 35 օրուայ շարժականութիւն և կը տօնուի Յունիսի 28-էն մինչև Օգոստոսի 1 ժամանակահատուածին մէջ: Եկեղեցին զայն կը տօնակատարէ երեք օր շարունակ շքեղ հանդիսութեամբ, սքանչելի շարականներով, որոնք աւանդաբար վերագրուած են Մովսէս Խորենացիին: 
Տօնը նշուած է Դ. դարէն սկսեալ: Եկեղեցւոյ աւանդութիւնը Պայծառակերպութեան վայր կը համարէ Թաբոր լեռը, ուր Մեծն Կոստանդիանոս կայսեր մայրը` Հեղինէ թագուհին կառուցեց եկեղեցի մը ի յիշատակ Տիրոջ Պայծառակերպութեան: Այս տարի՝ Հայ Եկեղեցին Յիսուսի Պայծառակերպութեան տօնը նշելու է Կիրակի Յուլիս 12-ին: 
Այլակերպութիւնը գալիք` յաւիտենական կեանքի, այսինքն` 8-րդ անվախճան օրուայ պատկերն է, որ կատարուելու է հանդերձեալին մէջ, իսկ սկզբնավորուելու է Վերջին (Ահեղ) դատաստանի ատեանէն: Ան նաեւ աստուածտեսութեան, Անեղ Լոյսի ճառագման ու ադամական հանդերձի նորոգութեան տօնն է: Աստուածտեսութեան, քանզի Տէրը շնորհեց իր աշակերտներուն տեսնել իր Աստուածութիւնը: Անեղ Լոյսի ճառագման, քանզի Տէրը շնորհեց իր աշակերտներուն տեսնել իր լուսաւոր դէմքը: Պայծառակերպութեան օրը Երկրորդ Ադամը` մեր Տէրը, դրախտին մէջ հագաւ մեր նախահօր կողոպտուած պատմուճանը եւ անով զգեցաւ մեր բնութիւնը, որ սակայն, այսօր մենք դեռեւս չենք ընդունած, այլ թողնուած է ապագային: Այդ լուսաւոր պատմուճանով հանդերձեալին մէջ զգեստաւորուելու ենք, իսկ այստեղ կը ստանանք միայն փրկութեան յոյսի առհաւատչեան: Եւ ինչպէս Հին Ուխտին մէջ տօները կը տօնուէին նորի խորհրդով` ապագային կատարուելիք իրադարձութիւններու դիմաց, այնպէս ալ մենք այս տօնով կը վկայակոչենք հանդերձեալի յիշատակը:








All the contents on this site are copyrighted ©.