2015-07-11 09:43:00

Յունաստան 53 միլիառ եւրօ խնդրած է Եւրոպական Միութենէն


«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը յաջողած է ծանօթանալ այն առաջարկներուն, որոնք Աթէնք 9 յուլիսին ուղարկած է Եւրոյի խմբակի ղեկավար Երուն Տէյսելպլումին:

Յունաստանի կառավարութիւնը միջազգային վարկատուներուն առաջարկած է պետական ելեւմուտքի առողջացման համար` աւելի արմատական բարեկարգումներու ծրագիր, որոնց փոխարէն վարկատուները կը կատարեն զիջումներ եւ մինչեւ 2018-ի կէսերը 53,5 միլիառ եւրօ գումար կը տրամադրեն:

Գործակալութեան տուեալներով` Յունաստանի կառավարութիւնը առաջարկած է նոր միջոցներ, ինչպէս` նաւագնացային ընկերութիւններու հարկերու բարձրացումը եւ վերացումը Յունաստանի կղզիներուն համար յաւելեալ արժէքի տուրքին, որուն պահպանման համար ան նախապէս կը պնդէր:

Աթէնք նաեւ մտադիր է աւելցնել յաւելեալ արժէքի տուրքը ճաշարաններուն համար, իրականացնել կենսաթոշակային բարենորոգութիւն, կազմել պետական կալուածներու սեփականաշնորհման ծրագիր:

Իր կողմէ, կատարուած վերոնշեալ զիջումներուն փոխարէն Յունաստանը վարկատուներէն կը սպասէ յառաջիկայ չորս տարուան համար պիւտճէի նպատակային կողմնորոշիչներու վերանայում եւ իրեն մինչեւ յունիս 2008¬ի վերջը 53,5 միլիառ եւրոյի (59 միլիառ տոլար) չափով ելեւմտական նոր օգնութեան ծրագիրի տրամադրում պետական յանձնառութիւններու իրականացման համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.