2015-07-11 10:41:00

Մահացած Է աշխարհահռչակ դերասան Օմար Շարիֆը


Մահացած է եգիպտացի դերասան Օմար Շարիֆը, կը յայտնէ «Արապիա»-ն: Դերասանը մահացած է 83 տարեկանին:

Օմար Շարիֆ հռչակ ձեռք բերած է «Լորանս Արաբացին» ժապաւէնին մէջ  կատարած իր դերով, որուն համար 1962-ին առաջադրուած էր «Օսքար» անուանակարգին եւ «Ոսկիէ Կլոպուս» մրցանակին: Ան դերեր խաղացած է «Տոքթոր Ժիվակօ», «Մաքենայի ոսկին», «Ծիծաղելի աղջիկը» եւ այլ ժապաւէններու մէջ: Նշենք, որ ան կը տառապէր Ալցհայմըր  հիւանդութենէն: Եւ 2009-ին «Ես մոռցած եմ ըսել ձեզի» ժապաւէնին մէջ ան խաղացած էր Ալցհայմըր հիւանդութեամբ տառապող մարդու դեր:

Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող Հանրի Վերնէօյի «Մայրիկ» ժապաւէնին մէջ նկարահանուելու համար (1991-ին) Օմար Շարիֆին արգիլած  էին մուտք գործել Թուրքիա:








All the contents on this site are copyrighted ©.