2015-07-11 10:05:00

Եգիպտոսի մէջ Ղպտի եկեղեցին, ռամատանին առթիւ, իսլամ աղքատներուն սնունդ կը բաշխէ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ս. Անտոն Անապատականի Ղպտի օրթոտոքս եկեղեցին, ռամատանի ծոմապահութեան առթիւ,  շաբաթը անգամ մը սնունդ կը բաշխէ հարիւրաւոր իսլամ ընտանիքներուն, համագործակցութեամբ  շրջանի մզկիթի պատասխանատուներուն։

Համագործակցութիւնը քրիստոնեայ եւ մահմետական կղերին միջեւ կը սատարէ ամրապնդելու մտերմութեան  ու զօրակցութեան կապերը։

Յայտնենք որ Եգիպտոսի քրիստոնեայ հասարակութիւնները սովոր են ռամատանին աւարտին կազմակերպել խրախճանական սիրոյ սեղաններ իսլամներու հետ։ Վերջերս  սակայն կարգ մը քրիստոնեաներ  խորհեցան դրամ ժողովել օգնութեան հասնելու  դժուարութեան մէջ ապրող իսլամներուն։ Նման նախաձեռնութիւն մը բարեբեր եղաւ քանի երկրին մէջ ներկայիս կը տիրէ տնտեսական մեծ տագնապ մը։

Նշենք որ անցեալ գարնան ''Al Manufiyya'' մարզի իսլամ հասարակութիւնը հակազդելով ծայրայեղ մահմետականներու ոճրագործութեան քրիստոնեայ հասարակութեան դէմ, սատարած է ղպտի նոր եկեղեցւոյ մը կառուցման։








All the contents on this site are copyrighted ©.