2015-07-11 09:16:00

Արեւելեան Եկեղեցիներու կառավարիչի այցելութիւնը Պելկիա 11 եւ 12 յուլիս 2015-ին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ընդառաջելով Շեվեթոնի աբբայարանի մեծաւոր հօր հրաւէրին, կարդինալ Սանտրի` կառավարիչը Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովին, շաբաթ 11 Յուլիս 2015ին, առաւօտուն կը հանդիսապետէ  Ս. Պենետիկտոսի տօնակատարութեան ծիսակատարութիւնը։ 
Վերոյիշեալ աբբայարանը կը վերակոչէ իր հիմնարկութեան 9-րդ դարադարձը եւ կը ներկայանայ որպէս կամուրջ մը` քրիստոնեայ Արեւմուտքի ու Արեւելքի միջեւ եւ այդ պատճառաւ թ որ անիկա ոչ միայն յատուկ կապ մը ունի Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովին հետ այլ եւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Հռոմի Յունական քահանայապետական դպրեվանքի առաջնորդութեան գործին մէջ։
 
Կիրակի 12 Յուլիսին, կարդինալ Սանտրին կը գլխաւորէ ս. Պատարագը Պրիւքսէլի Քաղդէացի հասարակութեան համար, որուն աւարտին իր ողջոյնը պիտի ուղղէ յոյն կաթողիկէ ուկրային հաւատացեալներուն։ Այսպէսով Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովը կը շարունակէ իր մօտիկութիւնը յայտնել սփիւռքի մէջ ապրող արեւելածէս հաւատացեալներուն եւ մասնաւորապէս անոնց որոնք կու գան պատերազմի գօտիներէն։ Նախքան Հռոմ վերադառնալը կարդինալ Սանտրին պիտի այցելէ երբեմնի կոչուած ''Bois-Seigneur-Isaac'' աբբայարանը որ ներկայիս նուիրուած է սուրբ Շարպէլի, քանի 2009էն ասդին աբբայարանը վստահուած է մարոնի վանականներուն։ Աբբայարանին մէջ կարդինալը հանդիպում պիտի ունենայ Պրիւքսէլի մէջ իրենց առաքելութիւնը կատարող արեւելածէս կղերին հետ։  

Պելկիայի հայ համայնքը։
Պելկիայի հայ համայնքը կազմաւորուած է 20-րդ դարու` 20-ական թուականներու սկիզբը, երբ թուրքական ջարդերէն փրկուած աւելի քան հազար հայեր բնակութիւն  հաստատած են երկրին մէջ: 1941-1950 թուականներուն հայերու թիւը հասած է շուրջ 2.500-ի:
1970-ական թուականներուն հայերու մեծ հոսք  եղած է Սուրիայէն, Լիբանանէն, Թուրքիայէն, Իրանէն, 1990-1996` նաև Հայաստանէն: 
1990 թուականին Անտվերպենի մէջ բացուած է «Հայ տունը», որը ներկայիս հայերու գլխաւոր հաւաքատեղն է:
Հայ եկեղեցին Պրիւքսելի մէջ։  Պրիւքսելի հայկական եկեղեցին կառուցուած է Հայկական եկեղեցիներու (Առաքելական, Կաթողիկէ ու Աւետարանական) հիմնադրամի հանգանակած գումարով։ Եկեղեցին կառուցելու թոյլտուութիւնը պաշտօնապէս եղած է 1985 թուականին։ Եկեղեցին օծուած է 6 Մայիս 1990-ին` Ամենայն հայոց կաթողիկոս Վազգէն Առաջինի կողմէն։ Պրիւքսելի Սրբուհի Մարիամ Մագդաղենացի եկեղեցին Պելկիայի մէջ գործող միակ հայկական եկեղեցին է։








All the contents on this site are copyrighted ©.