2015-07-10 10:23:00

''Չիվիլթա Քաթթոլիքա'' պարբերաթերթը կը խօսի իսլամական ծայրայեղութեան մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) “Մահմետական ծայրայեղները կը ներթափանցեն արեւմտեան մշակոյթի սիրտը ` գրաւելու, արդի ծառապաշտութեան, իշխանութեան ու հեշտապաշտութեան  հետեւանքով թափուր թողուած անջրպետները, որոնք չեն համապատասխաներ գոյութենական նշանակութեան հիմնական հարցումներուն''։ Այս  կը կարդանք “La Civiltà Cattolica” Յիսուսեաններու  պարբերաթերթի վերջին խմբագրականին մէջ, որ վերլուծում կը կատարէ վերջերս գործադրուած երեք մահափորձերու`ուրբաթ 26 Յունիս 2015-ին, երեք տարբեր ցամաքամասերու, խորհրդանշական երեք վայրերու մէջ. գործարան մը, ծովափ մը եւ մզկիթ մը։

Այդ ‘’սեւ ուրբաթը’’ կը  վերակոչէ խալիֆայութեան մէկ տարուայ յաջողութիւնները. Abu Bakr al-Baghdadi կարողացաւ հաստատել խալիֆայութիւնը աշխարհա-քաղաքական ու լրատուական համայնապատկերին մէջ։

Ծայրայեղութիւնը կարողացաւ վիհ մը ստեղծել նոյնիսկ իսլամ երկիրներու միջեւ։ Ան կարողացաւ հողամաս մը երաշխաւորել ու կը շարունակէ սփռել արմատական իր պատգամը համայն երկրագունդին մէջ։ Խալիֆայութեան յառաջդիմութեան դերակատարներն են, Յիսուսեան երկշաբաթաթերթի գնահատումով, Միջին Արեւելքի բաժանումը եւ արեւմտեան ոյժերու անկարողութիւնը ներգործելու այդ հողամասերու վրայ։

Խալիֆայութեան կէտնպատակն է ցնցել համաշխարհային հանրային կարծիքը եւ համացանցի միջոցաւ զինակոչի հրաւիրել բազմաթիւ երիտասարդներ, որուն արդիւնքը արդէն դրական է տրուած ըլլալով որ մինչեւ օրս զինուորագրուած են 3000  երիտասարդներ. Թիւնիզէն, Եւրոպայէն ու Աւստրալիայէն։

 Խալիֆայութիւնը ընդհանուր աւերներ կը գործէ արեւմտեան աշխարհի պարապութեան մէջ եւ այսպէսով մահմետական ծայրայեղները կը ներթափանցեն արեւմտեան մշակոյթի սիրտը, ուր քաղաքականութիւնը կը ներկայանայ որպէս իշխանութեան յաւակնոտներու ու փառամոլներու շրջակայք քան հասարակաց բարիքի սպասաւորներ։

Ընտանիքները, որ յաճախ բաժնուած են, ի վիճակի չեն երիտասարդներուն անձնականութիւնը կազմել ։ Այսպէսով բազմաթիւ երիտասարդներ կը փնտռեն կեանքի կանոններ ու զայն կը գտնեն իսլամ ծայրայեղութեան մէջ, ծածկուած պարգեւի ու ինքնանուիրումի բարբառի մէջ, ‘’աւեր գործելով  արեւմտեան աշխարհի պարապութեան մէջ’’, կազդարարէ Յիսուսեաններու պարբերաթերթը։








All the contents on this site are copyrighted ©.