2015-07-09 08:41:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հեռագրերը Էքուատորի ու Փերուի երկիրներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Էքուատորի մէջ կայացած  ողջերթի արարողութենէն ետք Նորին Սրբութիւնը օդանաւով ուղղուեցաւ դէպի Պոլիվիա։

Էքուատորի նախագահին ուղղած պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը վերանորոգ երախտագիտութեամբ ու գնահատանքով իր սիրալիր ողջոյնը ուղղեց Էքուատորի նախագահին ու ժողովուրդին, մատնանշելով որ իրենց հետ անցուցած օրերը իր սրտին մէջ կը պահէ եւ Բարձրեալէն կը խնդրէ օրհնել Պոլիվիան որպէսզի շարունակէ ապրիլ զօրակցութեան ու եղբայրակցութեան մէջ։

Փերուի հողին վրայ սաւառնելով Նորին Սրբութիւնը իր սրտագին ողջոյնը ուղղեց նախագահին ու ժողովուրդին հայցելով անոնց վրայ երկնային առատ շնորհքներ որպէսզի երկիրը շարունակէ բարգաւաճիլ ընկերային ու հոգեւոր արժէքներու մէջ, ու զարգանալ արդարութեան, զօրակցութեան ու խաղաղութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.