2015-07-09 17:30:00

Պոլիվիա. Ֆրանչիսկոս Պապը բացում կատարեց Ս. Հաղորդութեան ազգային համագումարին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը` չորեքշաբթի` 8 յուլիսին, հրաժեշտ առաւ Էքուատորէն եւ ուղղուեցաւ Լատինամերիկեան առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուան` Պոլիվիա նախ այցելելով  Լա Փաս քաղաքը ու ապա փոխադրուելով Սանթա Քրուզ, Պոլիվիայի ամենաշատ բնակութիւն ունեցող քաղաքը` որուն մեծամասնութիւնը ` 82 առ հարիւրը կաթողիկէ են։

Սանթա Քրուզի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին օրակարգը սկիզբ առաւ հինգշաբթի 9 յուլիսի տեղական ժամով առաւօտեան  9,15-ին  (Հռոմի ժամով 15,15-ին) երբ Սրբազան Հայրը քահանայապետական ինքնաշարժով փոխադրուեցաւ ''''Փիացցա տէլ Քրիսթօ Րետենթոր  - Քաւիչ Քրիստոս'' հրապարակ ` այնտեղ հանդիսապետելու ''Սուրբ Հաղորդութեան Ե ազգային համագումարի'' բացման սուրբ պատարագի արարողութիւնը։ Համագումարը ապա կը  շարունակուի ''Տատիյա'' քաղաքին մէջ։

Յայտնենք թէ ''Փիացցա տէլ Քրիսթօ Րետենթոր'' հրապարակի վրայ ու քովնտի պողոտաներու տարածքին` համախմբուած էին աւելի քան 2 միլիոն հաւատացեալներ։

Այս առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը մեկնաբանելով օրուան աւետարանը քաղուած Մարկոսի աւետարանէն (Հացերու բազմացումը  - Գլ 8, 1-10) ըսաւ` այս օրերուն կարողացայ նշմարել շատ մը մայրեր իրենց զաւակները իրենց ուսերուն վրայ շալկած։ Իրենց վրայ կռած կեանքը եւ իրենց ժողովրդին ապագան։ Անոնց ուրախութեան ու յոյսին պատճառները։ Անոնք կը կռեն հողին օրհնութիւնը։ Իրենց ձեռքերով  իրագործուած աշխատանքը ու իրենց վրայ կը կռեն նաեւ հիասթափութիւններ, տխրութիւն ու դառնութիւն եւ անվերջ անարդարութիւն։ Դուք կը կռէք ձեր ժողովուրդին յիշողութիւնը` յիշողութիւնը մը որ կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ` ուղեւորութեան մէջ յիշողութիւն։

Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց թէ շատ անգամ այդ ուղեւորութեան յոգնութիւնը կը փորձարկենք ու մեզի կը պակսի ուժը վառ պահելու յոյսը որուն պատճառաւ կը կորսնցնենք յիշողութիւնը` եւ կը մոռնանք թէ  սիրեցեալ եւ ընտրուած ժողովուրդ ենք։ Այս կորուստը մեզ կը տարանջատէ ու մեզ կը մղէ փակելու մենք մեզ ուրիշներուն` յատկապէս աղքատներուն։

Յուսահատ սրտի մը մէջ տեղ կը գրաւէ ինքզինք պարտադրելու տրամաբանութիւնը որ կը փորձէ ամէն ինչ փոխակերպել սպառողական եւ պայմանադրային տարրի։ Տրամաբանութիւն մը որ քիչերու տեղ կը յատկացնէ, մէկդի դնելով ամէն անոնք որոնք չեն արտադրեր։

Յիսուս լերան վրայ իր աշակերտներուն կը հրամայէ որ ժողովուրդը չի ձրուեն ու անոնց կերակուր տան։ Այդ նոյն պատուէրը մեզի ուղղուած է նաեւ այսօր  որովհետեւ Յիսուսի տեսակէտը չընդունիր ''մսխումի'' կամ ''աւելորդացի'' տրամաբանութիւնը ու ասոր համար մեզի ցոյց կու տայ ճանապարհը` ''Հաց եւ ձուկեր կ՛առնէ կ՛օրհնէ զանոնք ու ապա կը բաժնէ որպէսզի աշակերտները զանոնք բաժնեկցին բազմութեան հետ''։  Ահա այս է հրաշքի ճանապարհը – ըսաւ Սրբազան Հայրը յատուկէն անդրադառնալով Յիսուսին գործադրած երեք արարքներուն` Առնել, Օրհնել ու Նուիրել։

Յիսուս – ըսաւ Սրբազան Հայրը – կը նայի ժողովուրդի աչքերուն մէջ ու կը հասկնայ անոնց կեանքն ու անոնց զգացումները ու զանոնք կ՛արժէքաւորէ յատկապէս ուշադրութիւն ընելով ''անհատին''։

''Հասարակութեան մը ճշմարիտ հարստութիւնը` կը չափուի անոր ժողովուրդի ապրելակերպով, կը չափուի տարեցներու մէջ որոնք գիտեն փոխանցել իրենց իմաստութիւնը ու իրենց ազգին յիշողութիւնը անչափահասներուն'', յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը եւ ակնարկեց ''Օրհնութիւն'' բարին ըսելով թէ Յիսուս կ՛օրհնաբանէ Հայրը որ երկինքն է որովհետեւ քաջատեղեակ է թէ այս պարգեւները Աստուծոյ պարգեւներ են ու պտուղը Անոր ողորմած սիրոյն։ Օրհնաբանել կը նշանակէ մէկ կողմէն շնորհակալութիւն յայտնել եւ միւս կողմէն կարենալ փոխակերպել։ Կը նշանակէ հասկնալ թէ կեանքը պարգեւ մըն է որ երբ Աստուծոյ ձեռքերուն յանձնուի ուժ կը ստանայ եւ կը բազմապատկուի, հուսկ նուիրում` չկայ օրհնութիւն մը որ նուիրում չըլլայ։ Օրհնութիւնը միշտ առաքելութիւն է եւ ունի կէտնպատակ մը որ է բաժնեկցութիւնը։ Բաժնեկցիլ այն ինչ որ ստացանք, որովհետեւ միայն նուիրումի մէջ կարելի է գտնել ուրախութեան աղբիւրը։

Իր խօսքին աւարտին Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Սուրբ Հաղորդութեան հինգերորդ ազգային համագումարին ու անոր բնաբանին ''բեկանուած հաց աշխարհի կեանքին համար'' հաստատելով թէ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը մեզ դուրս կը հանէ մեր անհատականութենէն որպէսզի միասնաբար ապրինք ու մեզի այն համոզումը կը ներշնչէ թէ ինչ որ ունինք եւ ինչ որ ենքն, եթէ ընդունուած, օրհնուած ու նուիրուած է, Աստուծոյ հզօրութեան միջոցաւ ու անոր սիրոյն զօրութեամբ կը դառնայ կեանքի հաց ուրիշներուն համար։

Եկեղեցին եւս յիշողութեան հասարակութիւն է ու ասոր համար հաւատարիմ է Տիրոջ պատուէրին ''Այս ըրէք իմ յիշատակիս համար։ Յիսուս կ՛ուզէ որ մենք մասնակիցի ըլլանք իր կեանքին։ Կեանք մը որ յիշողութիւն ունի կարիքը ունի ուրիշներուն, յարաբերութիւններու եւ հանդիպումներուն ու իսկական զօրակցութեան որ կարող է ներմուծել ընկալումի, օրհնութեան եւ նուիրումի տրամաբանութեան մէջ այսինքն սիրոյ տրամաբանութեան մէջ, ըսաւ Սրբազան Հայրը ու քարոզը եզրափակեց հայցելով Մարիամ Աստուածածնայ բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզի ըլլայ օրինակ ու տիպար։  








All the contents on this site are copyrighted ©.