2015-07-09 09:23:00

Յունաստանի համար ճշդուեցան ժամկէտներ


Մինչ Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս Եւրոպական խորհրդարանին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ կոչ ուղղեց Եւրոպայի «պառակտումը» չարտօնելու, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Եւրոյի գօտիի վեհաժողովի աւարտէն ետք յայտարարեց, որ Յունաստանը մինչեւ այսօր պէտք է մանրամասն առաջարկ ներկայացնէ օգնութեան նոր ծրագիրի համար: «Մենք կ՛ակնկալենք, որ յունական կառավարութիւնը ամէնէն ուշը մինչեւ հինգշաբթի մանրամասն առաջարկ ներկայացնէ, թէ ծրագիրը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ»:
Ըստ անոր, Յունաստանի երկրորդ օգնութեան ծրագիրը, որուն ժամկէտը աւարտած է 30 յունիսին, այլեւս գոյութիւն չունի: «Ատիկա կը նշանակէ, որ այժմ խօսքը բազմամեայ ծրագիրի մը մասին է, որ դուրս կու գայ ծիրէն նախորդ ծրագիրին, զոր կը քննարկէինք տակաւին 10 օր առաջ», ըսած է ան:
Եւրոպական Միութեան նախագահ Տոնալտ Թուսք իր կարգին յայտարարեց, որ Յունաստանի տնտեսութեան փրկութեան համար վարկերու նոր ծրարի մը շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացնելու վերջին ժամկէտը յառաջիկայ կիրակի օրն է` աւելցնելով, որ Աթէնքին առջեւ «վերջնական համաձայնութիւն» գոյացնելու համար հինգ օր կայ: «Այս գիշեր բարձրաձայն ու յստակ կերպով կ՛ըսեմ, որ ժամկէտը կ՛աւարտի այս շաբաթ», ընդգծեց Թուսք:
Ան զգուշացուց, որ յառաջիկայ օրերը Յունաստանի ճակատագիրին համար վճռորոշ պիտի ըլլան` բոլորին կոչ ուղղելով պատասխանատու կերպով վարուելու` աւելցնելով, որ համաձայնութիւն գոյացնել չկարենալը Յունաստանի սնանկացման եւ մեր դրամատնային համակարգի սնանկացման պիտի յանգեցնէ, ինչ որ պիտի ազդէ ամբողջ Եւրոպայի վրայ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.