2015-07-08 20:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Էքուատորի կղերական դասին հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հարաւային Ամերիկա կատարած` առաքելական այցելութեան առաջին հանգրուան` Էքուատորի այցելութիւնը, վերջ գտաւ չորեքշաբթի 8 յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Էքուատորի տեղական կղերին, կրօնաւորներուն, կրօնաւորուհիներուն եւ նորընծաներուն հետ ունեցած հանդիպումով որուն սկիզբը խօսք առաւ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի ''Նուիրեալ կեանքի'' բաժանմունքի պատասխանատու` գերապայծառ Չելմօ Լածծարիի ապա երկու կղերականներ ներկայացուցին իրենց վկայութիւնը։

Այս առթիւ, Նորին Սբութիւնը ներկաներուն յանձնեց գրաւոր պատգամ մը, որուն մէջ խորհրդածեց ''Վիրճէն Տէ Քինչէյի'' յայտնութիւններու մասին, հաստատելով թէ Տէրը մեզ կը հրաւիրէ ընկալելու անոր առաքելութիւնը առանց պայմաններու եւ թէ ասոր տիպարը կը հանդիսանայ Մարիամ ` երբ հրեշտակին ըսաւ''Թող ամէն բան ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն'' (Ղուկ 1,38) ու երբ Կանայի հարսանիքի ընթացքին ծառաներուն ըսաւ`  ''Ըրէք այն ինչ ոը կը հրամայէ ձեզի''( Յով 2,5)։

Մանուկ կոյսը իր ծնողաց համար Աստուծմէ պարգեւ մըն էր ու պարգեւ համայն ժողովուրդին որ փրկութիւնը կը սպասէր։ Իսրայէլի պատմութեան մէջ, դատաւորները, մարգարէները ու թագաւորները, Տիրոջ պարգեւն են որպէսզի իր քնքշութիւնն ու ողորմածութիւնը փոխանցէ իր ժողովուրդին։ Այս մէկը մեզ կ՛ազատագրէ ''ինքնավկայակոչութենէն'' ու մեզի կը հասկցնէ թէ մենք մեզի չենք պատկանիր ու թէ մեր կոչումը մեզմէ կը պահանջէ հրաժարիլ անձնասիրութենէն եւ նիւթական որեւէ շահէ ու սրտառուչ փոխհատուցումներէ, այնպէս ինչպէս մեզի կ՛ըսէ Աւետարանը։

Իշխանութիւնը զոր աշակերտները կը ստանան Յիսուսէն իրենց շահին համար չէ. Պարգեւները զոր մեզի կը տրուին սահմանուած են` եկեղեցւոյ նորոգումին եւ անոր կառուցման։ 

Յարատեւել – յորդորեց Ֆրանչիսկոս Պապը – յարատեւել նոյնիսկ երբ մեզ կը վտարեն, նոյնիսկ երբ կ՛աճին սպառնալիքները, յարատեւել վստահ ըլլալով թէ միայնակ չենք եւ թէ Աստուծոյ սուրբ ժողովուրդն է որ կը յառաջանայ։

''Վիրճէն Տէ Քինչէն'' հանդիսացաւ առիթ հանդիպումի, հաղորդութեան ու Եկեղեցին կը շարունակէ իր յանձնառումը ըլլալու տուն եւ դպրոց հաղորդութեան, եւ հանդիպումի մշակոյթի կեդրոն։

Նորին Սրբութիւնը ապա հաստատեց թէ Ան որ Աստուծոյ ձայնը կը լսէ ''ուրախութեամբ կը լեցուի'' եւ իր կարգին կը դառնայ այդ ուրախութեան քարոզիչը։

Աւետարանելու ուրախութիւնը եկեղեցին կը շարժէ, զայն դուրս կը հանէ, Մարիամի նման։ Դէպի դուրս քալող Եկեղեցին մօտիկ եկեղեցի մըն է որ կը համակերպի որպէսզի հեռու չմնայ, որ մեկդի կը դնէ իր հանգստութիւնը եւ քաջութիւնը ունի հասնելու այն բոլոր արուարձանները որոնք կարիքը ունին Աւետարանի լոյսին։

Իր պատգամին աւարտին Սրբազան Հայրը կը վերյիշէ եկեղեցականներու պատասխանատուութիւնը հանդէպ իրենց յանձնուած ժողովուրդին յատկապէս դաստիարակելու եւ քաջալերելու ժողովրդական բարեպաշտութիւնը որ հաւատքի արտայայտութիւն է։

''Քինչէի մէջ մարդոց ու Աստուծոյ պատմութիւնը իրարու կը հանդիպին կնոջ մը մէջ` Մարիամը, ու մէկ տան մէջ, մեր տունը, քոյր ու մայր երկիրը'', յարեց ապա Քահանայապետը խօսքին աւարտին ու  Քինչէի Տիրամօր` որ ի սկզբանէ առաջնորդեց հաւատքի առաջին հռչակումը,  յանձնեց  կոչումները, ''որպէսզի իւրաքանչիւրս դարձնէ պարգեւ իր ժողովուրդին համար ու մեզի տայ յարատեւելու յանձնառումը ու խանդավառութիւնը դուրս ելլելու ու իր զաւկին Յիսուսի Աւետարանը հռչակելու մինչեւ աշխարհիս կատարածը, մինչեւ մեր սիրելի Էքուատորի արուարձանները''։

Հանդիպումը եզրափակուեցաւ ''Հայր Մեր''  աղօթքով եւ Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական օրհնութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.