2015-07-08 10:49:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Էքուատոր այցելութեան երրորդ ու վերջին օրուան յայտագիրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հարաւային Ամերիկա կատարած` առաքելական այցելութեան առաջին հանգրուան, Էքուատորի այցելութիւնը, վերջ կը գտնէ չորեքշաբթի 8 յուլիսին, որմէ ետք Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը փոխադրուի առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուան` Պոլիվիա։

Էքուատորի այցելութեան երրորդ ու վերջին օրը կը նախատեսէ Սրբազան Քահանայապետի առանձնական սուրբ պատարագ` առաւօտեան 7,30-ին (Հռոմի ժամով 14,30-ին) ապա հրաժեշտ Քիթոյի Քահանայապետական նուիրակութենէն եւ փոխադրում ''Թումպաքօ'' որ կը գտնուի 21 քմ հեռաւորութեան վրայ եւ ուր Կալկաթայի Մայր Թերեզայի միաբանութեան ''Ողորմութեան միսիոնարներ'' քոյրերը կը մատակարարեն տարեցներու խնամակալութեան կեդրոն մը։

Նորին Սրբութիւնը ''Ողորմութեան միսիոնարներ'' քոյրերու կեդրոն կը ժամանէ առաւօտեան 9-ին (Հռոմի ժամով 16-ին) զինք կը դիմաւորեն մեծաւոր Մայրը ու միաբանակից 10 քոյրեր, զինք առաջնորդելով կեդրոնի մատուրը ուր միասնաբար կ՛ամփոփուին աղօթքի մէջ։

Աղօթքէն ետք Սրբազան Հայրը կեդրոնի բակին մէջ կը հանդիպի այնտեղ խնամուած տարեցներուն, ապա կ՛ուղղուի դէպի ''Էլ Քինչէ'' Տիրամօր նուիրուած ազգային սրբավայր­, որ կառուցուած է 1928-ին եւ 1985-ին հռչակուած` ազգային մարեմեան սրբավայր։

Սրբավայրի եկեղեցւոյ մէջ Սրբազան Հայրը կը հանդիպի Էքուատորի տեղական կղերին, կրօնաւորներուն, կրօնաւորուհիներուն եւ նորընծաներուն հետ։

Հանդիպումը սկիզբ կ՛առնէ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի ''Նուիրեալ կեանքի'' բաժանմունքի պատասխանատու` գերապայծառ Չելմօ Լածծարիի բարի գալուստի խօսքով ապա տեղի կ՛ունենայ նուէրներու փոխանակում, հուսկ` երկու կղերականներու վկայութիւն։

''Վիրճէն Տէ Քինչէյի'' արտասանուած աղօթքէն ետք խօսք կ՛առնէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը։ Հանդիպումը կ՛եզրափակուի ''Հայր Մեր''  աղօթքով եւ Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական օրհնութեամբ։

Այս հանդիպումը կը հանդիսանայ Սրբազան Քահանայապետին Էքուատորի մէջ ունեցած պաշտօնական վերջին հանդիպումը որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը ու անոր ընկերացող շքախումբը կ՛ուղղուին Քիթոյի ''Մարիսքալ Սուքր'' օդակայան ուր տեղի կ՛ունենայ հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւնը ի ներկայութեան երկրին նախագահին եւ պատկան իշխանութիւններուն։

Տեղական ժամով 12-ին (Հռոմի ժամով 19-ին) Ֆրանչիսկոս Պապին օդանաւը թռիչք կ՛առնէ եւ կ՛ուղղուի Պոլիվիայի Էլ Ալթօ օդակայան ուր կը ժամանէ 3 ժամ 15 վայրկեան տեւող ճանապարհորդութենէ ետք` տեղական ժամով 16,15-ին, որ հռոմի ժամով կը համապատասխանէ 22,15-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.