2015-07-08 10:11:00

Ֆրանչիսկոս Պապ հարկ է յաղթահարել ''աւելորդացի'' մշակոյթը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի` 7 յուլիս 2015-ին տեղական ժամով  18-ին (Հռոմի ժամով 1-ին) Ֆրանչիսկոս Պապը, Ֆրանչիսկեան միաբանութեան պատկանող Քիթոյի Սան Ֆրանսիսքօ աբբայարանին մէջ  հանդիպում ունեցաւ քաղաքացիական աշխարհին հետ անոնց ուղղած իր ճարին մէջ նշեց թէ ''Մեր ընկերութիւնը յաղթող կը հանդիսանայ, երբ իւրաքանչիւր անհատ, իւրաքանչիւր ընկերային խմբակցութիւն ինքզինք կը զգայ իր տան մէջ, ինչպէս ընտանիքի մը մէջ՝ ծնողները, մեծ հայր ու մեծ մայր եւ երեխաներ տան մէջ կը գտնուին։

Ընտանիքին մէջ իւրաքանչիւրը կը նպաստէ հասարակաց բարիքին, բոլորը կ՛աշխատին հասարակաց բարիքին ի նպաստ, առանց ոչնչացնելու անհատը։ Ընդհակառակը՝ նեցուկ կը կանգնին անհատին, կը նպաստեն անոր յառաջացումին։ Մեր ընկերային յարաբերութիւնները եւ կամ քաղաքական խաղերը ստէպ կը սահմանափակուին մրցակցութեան մէջ, վատնումի մէջ։ Ի՛մ դիրքս, ի՛մ գաղափարս, ի՛մ ծրագիրս կը պարտադրեմ։ Մինչ սէրը միշտ կը ձգտի հաղորդակցութեան, եւ ոչ երբեք մեկուսացման։

Սրբազան Պապը շեշտեց ընտանիքի կարեւորութեան վրայ՝ նկատելով զայն իբր ընկերութեան բջիջը։ Ընտանիքին մէջ անհատները կը ստանան սիրոյ, եղբայրութեան եւ փոխադարձ յարգանքի հիմնական արժէքները, որոնք կը փոխակերպուին ընկերային էական արժէքներու՝ երախտագիտութեան, ընկերակցութեան, նեցուկ կանգնելու։

Երախտագիտութիւնը պարզապէս գովասանք մը չէ, այլ արդարութեան հարկաւոր պահանջք մը։ Բարիքները բոլորին համար տրուած են, եւ երբ մէկը իր ստացուածքը կը ցուցադրէ, անոր վրայ կը ծանրացնէ ընկերային գրաւ մը։ Այսպէսով ան կը գերազանցէ արդարութեան տնտեսական հասկացողութիւնը, հիմնուած առեւտուրի սկզբունքին վրայ, ընկերային արդարութեան հասկացողութեամբ, որ կը պաշտպանէ անհատի արժանավայել կեանքի հիմնական իրաւունքը։

Սրբազան Պապը կենդրոնացաւ ապա բնական պաշարներու վատնումին վրայ, որոնք առատութեամբ կը գտնուին Էքուատորի մէջ։ Պէտք է ըլլալ պահապաններ այս հարստութիւններուն, զորոնք ընդունած ենք՝ ստանձնելով պատասխանատուութիւնը ընկերութեան եւ իր ամբողջականութեան, եւ ապագայ սերունդներուն հետ։ Կան վայրեր, որոնք յատուկ խնամքի կարիքն ունին՝ իրենց մեծ բարդութիւն ունեցող կենսաբազմազանութեան բնատնտեսական կառոյցի հսկայ կարեւորութեան պատճառով։

Էքուատորը, ամազոնեան այլ շրջաններու հետ միասին, առիթն ունի կատարելու համապարփակ բնատնտեսութեան դաստիարակում մը։

Էքուատորը, ինչպէս ուրիշ շատ մը լատին ամերիկեան ժողովուրդներ, կ՛ապրի ընկերային եւ մշակութային փոփոխութիւնները փորձը ։ Այս կը պահանջէ բոլոր շահագրգռուողներու մասնակցութիւնը։ Գաղթականութիւնը, քաղաքներու մէջ կուտակումը, սպառողականութիւնը, ընտանիքի տագնապը, անգործութիւնը եւ աղքատութիւնը՝ յառաջ կը բերեն անապահովութիւններ, լարուածութիւններ, որոնք կը կառուցեն ընկերային համակեցութեան սպառնալիք մը։

Սկզբունքները, օրէնքները ինչպէս նաեւ քաղաքային հասարակութեան ծրագիրները, պէտք է ներգրաւեն բոլորը, հանդիպման վայրերու նպաստեն եւ մերժեն ճնշման որեւէ կերպ, անսահմանափակ հսկողութիւն եւ ազատութեան կաշկանդում։

Պէտք է հրամցնեն քաղաքացիներուն, եւ յատկապէս երիտասարդներուն շօշափելի առիթներ, ստեղծելով գործ՝ տնտեսական աճով, որ բոլորին կը հասնի եւ չի կաշկանդուիր մեծ տնտեսութեան վիճակագրութիւններուն մէջ։

Եկեղեցին եւս – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը – կ՛ուզէ համագործակցիլ հասարակաց բարիքի փնտռտուքի ի նպաստ իր ընկերային, դաստիարակչական եւ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու զարգացումով, եւ ըլլալով մարգարէական նշան որ բոլորին կը տանի յոյսի լոյսը ու յատկապէս կարիքաւորներուն։ Ան ապա խօսքը եզրափակեց մատնանշելով թէ շատեր իրեն հարց կու տան թէ ի՞նչու միշտ կարիքաւորներու մասին կը խօսի։ Պարզապէս – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը – որովհետեւ անոնք Աւետարանի կեդրոնն են։








All the contents on this site are copyrighted ©.