2015-07-08 09:58:00

Փութին Օպամային վերահաստատած է Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ կեցուածքը


Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Պարաք Օպամա հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին սուրիական տագնապը լուծելու կարելիութիւններուն առնչութեամբ իրարու ներկայացուցած են շարք մը տեսակէտներ:

«Ռուսական կեցուածքը շատ ծանօթ է եւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին վերահաստատուեցաւ», ըսաւ Փեսքով:

Պատասխանելով սուրիական տագնապը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը չներառող ազգային միասնականութեան կառավարութեան ճամբով լուծելու Օպամայի կեցուածքին մասին հարցումի մը` Փեսքով յայտնեց, որ նախագահներուն միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին այդպիսի խօսակցութիւններ եղած են:

«Ռուսիոյ կեցուածքը շատ յայտնի է եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին փոխանցուած է», ընդգծեց Փեսքով:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.