2015-07-07 09:30:00

Ս.Պատարագ և Հոգեհանգիստ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ.Կաթողիկոս-Պատրիարքի Հոգւոյն Համար


Կիրակի 5 Յուլիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Զմմառու Ս. Տիրամօր վանքի եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ և Անմահ Պատարագ մատուցեց Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմի Ընդհանուր Փոխանորդ և Զմմառու վանքի Մեծաւոր՝ Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան, ի հանգիստ նորօք հանցուցեալ երջանկայիշատակ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարքի հոգւոյն:
Զմմառ՝ ներկայ գտնուեցան Պատրիարքական կառավարիչ՝ Արհի. Գրիգոր Եպս. Ղապրոյեան, Հայ Կաթողիկէ Արհի. Եպիսկոպոսներ և Առաջնորդներ, Պապական Նուիրակի և Մարոնի Պատրիարքի ներկայացուցիչներ, Յոյն, Ասորի բարձրաստիճան հոգեւորականներ, 
Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան վարչութեան անդամներ և միաբան վարդապետներ, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետներ, Լիբանանի տարբեր վանքերու և միաբանութիւններու Մեծաւորներ, մայրապետներ, պետական, պաշտօնական և զինուորական անձնաւորութիւններ, Լիբանանի ՀՀ դեսպանութեան ներկայացուցիչներ, հայ նախարարներ և երեսփոխաններ և հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարուեցաւ «Կռունկ» Պատրիարքական երգչախումբի կողմէ, ղեկավարութեամբ՝ Դոկտ. Եդուարդ Թոռիկեանի: 
Մեծաւոր Հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ լուսահոգի Հոգեւոր Տիրոջ արժանիքներուն, ըսելով. «Սիրելի Հոգեւոր Տէրը անխոնջ աշխատող մըն էր: Ան որպէս բարի հովիւ՝ մտահոգ էր հայ ժողովուրդի ներկայով, «Հովիւն քաջ զանձն դնէ ի վերայ ոչխարաց» (Յովհ. Ժ 11): Հանգուցեալ Հոգեւոր Տիրոջ համար հովուութիւն կը նշանակէր ամէնօրեայ նուիրում, ամէնօրեայ ծառայութիւն, ժամանակը ամբողջութեամբ տրամադրել հօտին, բաժնելով անոնց ուրախութիւնն ու ցաւը, անոնց իրագործումներն ու դժուարութիւնները, յաղթահարելով խոչընդոտները, և այդպիսով դառնալով իսկական քաջ և բարի հովիւը: Այսպիսի առաքինութիւններով օժտուած էր Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց հոգեւոր հովիւը, որ 16 տարիներ շարունակ աղօթքով և նուիրումով առաջնորդեց իր հօտը դէպի խաղաղ նաւահանգիստ: Հուսկ Մեծաւոր Հայրը մաղթեց որ Հայ Կաթողիկէ Սիւնհոդոսական Հայրերը, Սուրբ Հոգւոյն օգնականութեամբ, Զմմառու Ս. Տիրամօր օրհնութեամբ և նահատակ Երանելի Մալոյեանի բարեխօսութեամբ, ընտրեն Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց արժանագոյն նոր հովուապետը ի պայծառութիւն Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ:
Պատարագի աւարտին՝ Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ի հանգիստ հանգուցեալ Հոգեւոր Տիրոջ հոգւոյն, որմէ ետք ցաւակցութիւններ ընդունուեցան մայրավանքի դահլիճին մէջ և ապա հոգեճաշ տեղի ունեցաւ դպրեվանքի սեղանատան մէջ:

Միշտ՝  կիրակի, 5 յուլիս, 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10.30-ին,  Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւնը, որ անմիջական ներկայութիւնը վայելած է երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին, հոգեհանգստեան սուրբ Պատարագով մը ոգեկոչեց երանաշնորհ Հայրապետին յիշատակը։ Յընթացս սուրբ Պատարագին արտասանած քարոզին մէջ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետը՝ գերապատիւ հայր Վարդան վարդապետ Գազանճեան յուզումնալից երախտագիտութեամբ անդրադարձաւ երանաշնորհ Հայրապետին կողմէ ժողովրդապետութեան հանդէպ ցուցաբերուած հայրական հոգածութեան եւ ապա մեկնաբանելով օրուան աւետարանը՝ հրաւիրեց ներկայ հաւատացեալները կեանքին եղելութիւնները դիտելու եւ ապրելու Հաւատքի աչքերով։

Պատարագէն ետք, ներկայ հաւատացեալները ցաւակցութիւններ փոխանակեցին Եկեղեցւոյ հիւրասրահին մէջ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.